ԻՋՆԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է ՔԱՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼԸ
Մարդիկ միշտ կեանքի դիւրին եւ հաճելի կողմը կ՚ուզեն ապրիլ։ Բնական է այս, քանի որ դիւրին ու հաճելի վիճակ մը աւելի հրապուրիչ է, քան դժուարին ու տաժանելի, խրթին կացութիւն մը։ Բայց պէտք է խորհիլ, թէ՝ արդեօք ամէն դիւրին ու հաճելի իրողութիւն օգտակար եւ բարեբեր կրնա՞յ ըլլալ։ Խնդրակա՛ն է։
Դիւրին ձեռք ձգուած յաջողութի՞ւն մը, թէ ծանր աշխատանքի, տքնաջան ու տաժանագին զբաղումի արդիւնք յաղթանակ մը աւելի հեշտալի է։
Դիւրինը՝ միշտ ներկային համար, այդ պահուն հաճելի է, իսկ դժուարը՝ ապագային համար, գալիք ժամանակներու համար, ուրիշ խօսքով՝ աւելի ընդարձակ եւ լայն ժամանակամիջոցի մը համար արժէք կը ստանայ եւ աւելի օգտաբեր կ՚ըլլայ։ Եւ ուրեմն «դիւրին»ը խաբէական է եւ անստոյգ, իսկ «դժուար»ը՝ ապահով եւ հաւաստի, աներկբա՛յ։ Դիւրին ձեռք ձգուած յաջողութիւնը ժամանակաւոր է՝ միայն ատենի մը համար, իսկ դժուարութեամբ ձեռք բերուածը՝ մնայուն, կայուն եւ մշտնջենաւո՛ր։
Արդարեւ կեանքը՝ զայն ապրիլը, անընդհատ եւ անվերջ տքնաջան ընթացք մըն է, երկունք մըն է։
Եւ եթէ շիտակ կը դիտենք ու կը բացատրենք, կը մեկնաբանենք իրերը, իրողութիւնները եւ երեւոյթները, կեանքը դժուարութիւններու, ցաւի եւ վիշտերու, անգութ ուժերու եւ մանաւա՛նդ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։
Դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ չեն պակսիր այս ընթացքին մէջ։ Բայց անգամ մըն ալ երբ այդ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները վերջանան եւ յաջողութիւնը եւ յաղթանակը գայ՝ կարելի է երեւակայել աւելի մեծ հաճոյք, ուրախութիւն եւ երջանկութիւն։
Երբ բնութիւնը կը սկսի նոր օրուան մը, առտուն, մութնուլուսուն, թռչուններ եւս կը սկսին ճռուողիւնով դիմաւորել զայն։ Բայց նաեւ անձկութեան շեշտ մը կայ այդ ճռուողիւններուն մէջ։ Նեղութիւն մը՝ որ քօղարկուած է ուրախութեամբ։ Արդարեւ ամէն ուրախութեան ետեւ կա՛յ տրտմութիւն մը, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն տխրութիւն ուրախութիւն մը ունի իր խորը։ Եւ կարծեմ, «յոյս» ըսուածն է այդ քօղարկուած զգացումը։ Ամէն խաւարին կը յաջորդէ լուսաւորութիւն, եւ ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ. «Չկա՛յ մութ՝ որ չպարուանակէ իր մէջ լո՛յս…»։
Եւ ան, որ կ՚անդրադառնայ լոյսին, ահաւասիկ ան կը զգայ յոյսին զօրութիւնը իր մէջ։
Ամէն կենդանի էակ ունի իր մէջ ապահով եւ անվտանգ ըլլալու փափաքը եւ կը վազէ դէպի ապահով ապաստան մը՝ հալածանքի եւ նեղութեան վախի բնազդէ մը, որուն դէմ պաշտպանութիւն, վստահութիւն կը փնտռէ յարաժամ։ Եւ այս ցոյց կու տայ՝ թէ բոլոր կենդանի էակներ՝ ասուն կամ անասուն, բանականութեամբ օժտուած կամ անբան, վերապրելու՝ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու անվերջ պայքարի մը մէջ են։
Իսկ երբ շնչաւոր կեանքէն՝ անշունչ բուսական կեանքին կ՚անցնինք - հոս «անշունչ» բառը կը գործածենք, պարզապէս բոյսերը զանազանելու համար միւս կենդանի-ապրող էակներէն, քանի որ բո՛յսերն ալ կը շնչեն իրենց կարգին - դարձեալ նո՛յն երեւոյթը կ՚ելլէ մեր դէմը։ Ծառեր, ծաղիկներ, թուփեր, մինչեւ իսկ խոնարհ խոտը, իրենց «պայքար»ը կը մղեն՝ դժուարութիւններու, նեղութիւններու դէմ, ապրելու եւ կարենալ շարունակելու համար իրենց ինքնուրոյն «կեանք»ը։
Զոր օրինակ, վարդը կը բողբոջի, բայց իր փառքին լիութեան մէջ՝ իր նեղութիւնը, իր երկունքը կը շարունակէ ծայրայեղ անձկութեամբ մը՝ քանի որ գուցէ «ի՛նչ որ ծնաւ ինք, թշնամին փճացնէ, ոչնչացնէ…»։
Եւ այս մշտնջենաւոր տիեզերական պայքարին մէջ են նաեւ մարդիկ՝ մարդ էակը՝ անհատապէս եւ հաւաքապէս, որպէս ընկերութիւն, որպէս մարդկութի՛ւն։
Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ չըլլար այդ «պարքար»ը՝ կեանքը «կեա՛նք» պիտի ըլլա՞ր։
Այդ «պայքար»ն է որ մարդս կեանքի կը կապէ, նեղութիւններ, դժուարութիւններ են որ ապրելու ուժ եւ կարողութիւն կու տայ։ Եթէ ամէն ինչ դիւրին ըլլար, ամէն ինչ կարգին ընթանար, մարդ միշտ ուրախ ու երջանիկ ըլլար, ապա ուրեմն «երջանիկ կեանք»ը իմաստ մը, աւելին՝ արժէք մը պիտի ներկայացնէ՞ր։ Չեմ կարծեր, քանի որ եթէ արժէքի մը հակադիրը չըլլայ՝ արժէքը իմաստ չ՚ունենար։ Ինչպէս՝ եթէ մութը չըլլար լոյսին արժէքը պիտի չյայտնուէր։ Քանի որ մարդ էակը միօրինակ երեւոյթներու շատ արժէք չ՚ընծայեր, այլ միշտ փոփոխութիւն, տարբեր վիճակներ կ՚ուզէ, որպէսզի բաղդատէ զանոնք եւ ընտրութիւն մը ընէ անոնց միջեւ։ Մութը եւ լոյսը, սեւը եւ ճերմակը, դժուարը եւ դիւրինը, չարը եւ բարին, եւայլն, այս բոլոր հակադիր արժէքները՝ մէկը միւսին ապացոյցն են։
Արդարեւ կեանքը համայնապարփակ իրերու խանութ մըն է՝ որուն բոլոր ապրանքները եթէ մէկ մէկ փորձուին, այն ատեն կը հասկցուի անոր իմաստը, բուն արժէքը։ Եւ իրապէս աշխարհ «վարդաստան» մը չէ, ամէն տեսակ բոյս կայ, եւ զայն աշխարհ ընողն ալ այդ է, ինչպէս՝ նեղութիւններ եւ բարութիւններ կեանքը «կեանք» կ՚ընեն…։
Եւ երբ նեղութիւններու, դժուարութիւններու մասին կը խօսինք, յաճախ կը յիշենք Յսիուսի խօսքը, թէ՝ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենանք, բայց պէ՛տք է քա՛ջ ըլլալ, քաջալերուիլ, քանի որ Ան իսկ նեղութիւններ ունեցաւ բայց յաղթե՛ց աշխարհին։
Ուրեմն նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ բնական են՝ որոնցմէ զերծ մնալ կարելի չէ՛ որեւէ կենդանի էակի համար, որ կ՚ապրի ամխարհի վրայ։ Բայց կարեւորը սա է, անշուշտ մարդ էակին համար՝ ի՛նչպէս որ ալ ապրի ան, գէթ առանց Աստուծոյ չապրի։
Կը պատմուի, թէ իմաստասէր մը, իր աշակերտներով շրջապատուած կը քալէր՝ անոնց պատմելով կեանքի գաղտնիքները եւ հոգեւոր հիմքերը։ Ճամբուն վրայ անոնց կը հանդիպի «վատահամբաւ» կին մը։ Ան կը մօտենայ իմաստասէրին եւ կ՚ըսէ. «Ուսուցի՛չ, դուն ամբողջ կեանքիդ, քու աշակերտներուդ կ՚ուսուցանես, կը սորվեցնես իմաստութեամբ եւ անոնց ցոյց կու տաս ճշմարտութիւնն ու իմաստութիւնը։ Կը հոգաս անոնց՝ որ կատարեալ բարի եւ մաքուր ըլլան, եւ անոնք բնականաբար կը հետեւին քեզի։ Սակայն ակնարկով մը իսկ երբ մօտս կանչեմ՝ անոնք քեզ այնտեղ մինակ կը թողուն եւ կը վազեն, որպէսզի ինծի հետեւին, ետեւէս կը վազեն»։
Իմաստասէրը անմիջապէս կ՚ընդունի տխրահռչակ կնոջ ըսածները, սակայն կ՚աւելցնէ. «Դուն ճի՛շդ կ՚ըսես, բայց քու տեսակէտիդ մէջ կէտի մը շուրջ կը սխալիս, ես իմ աշակերտներս կը մղեմ աւելի եւ աւելի՛ վեր բարձրանալ, իսկ դուն անոնց կրնաս միա՛յն առաջարկել վա՛ր գլորիլ, տապալիլ, բայց իջնելը աւելի դիւրին է եւ հեշտ, քան բարձրանալը»։
Եւ յիշենք Աւետարանի խօսքը. «Զգո՛յշ եղէք սուտ մարգարէներէն, որոնք կը մօտենան ձեզի ոչխարի կերպարանքով, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են…» (ՄԱՏԹ. Է 15)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2016, Գնալը կղզի