«ՌԻՕ-2016»Ը ԴԱՐՁԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԶԻՋԵԼՈՎ «ԹՈՔԻՕ-2020»ԻՆ
Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ աւարտեցան 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը: Մարաքանա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ողիմպիական խաղերու փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Փակման այս հանդիսութեան գրեթէ ամբողջութեամբ տեղի ունեցաւ անձրեւին տակ:
Հանդիսաւոր ձեւով ողիմպիական խաղերու դրօշակը փոխանցուեցաւ 2020-ի ողիմպիականը հիւրընկալելիք Թոքիոյին, Ճափոն:
Մինչ այդ, փակման այս հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղաւ ոսկի մետայլի տիրացած յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան:
Օգոստոս 5-21 թուականներուն միջեւ աւելի քան 10 հազար 500 մարզիկ, 205 երկրէ մասնակցեցան ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի հաւաքականը ունեցաւ իր պատմութեան ամենայաջող մասնակցութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, քսան տարի դադարէ ետք, հայ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ 98 քիլօկրամ քաշային Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան: Ոսկէ մետայլին մօտ էր յունահռոմէական ոճի միւս հայ ըմբիշը` Միհրան Յարութիւնեանը, որուն ոսկէ մետայլը կողմնակալ մրցավարութեան պայմաններու մէջ յանձուեցաւ Սերպիոյ ներկայացուցչին: Զիրենք հիանալի դրսեւորեցին ծանրորդներ Սիմոն Մարտիրոսեանն ու Գոռ Մինասեանը, որոնք իրենց քաշային կարգերուն մէջ դարձան արծաթէ մետայլակիր: Հայաստանը մետայլային հաշուարկով զբաղեցուց 42-րդ պատուոյ հորիզոնականը:
31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց հիանալի ելոյթներէն ետք միջազգային ասպարէզը աւարտեցին հռչակաւոր մարզիկներ, ինչպէս՝ Մայքըլ Ֆելպս, Թոնի Փարքըր, Մանու Ժինոպիլի:
«Ռիօ-2016»ի փակման արարողութեան ընթացքին, ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ սգոյ յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ ողիմպիական աւանին մէջ: Ողիմպոսէն բերուած ժայռաբեկորի մօտ ողիմպիական մարզիկները յատուկ ծիսակարգով յիշատակի տուրք մատուցեցին հանգուցեալներուն: Այս ձեւով, յետադարձ հայեացք մը նետելով մարմնամարզի, երիտասարդութեան, ողիմպիական արժէքներու եւ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ հրաշալի հիւրընկալութեան այս տասնվեցօրեայ տօնին վրայ: Այսպէսով 31րդ ամառնային ողիպիական խաղերը աւարտեցան: Չորս տարի ետք, ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ երկիրը պիտի ըլլայ Ճաբոնը, իսկ 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մայրաքաղաքը՝ Թոքիոն։
Միւս կողմէ, Ռիօ Տը Ժանէյրոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերէն ետք, Հայաստանի մէջ մասնակից պատուիրակութեան կը սպասեն մեծ անհամբերութեամբ:
Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութիւնը Երեւան կը հասնի 26 Օգոստոսի կէս գիշերէն ետք, Երեւանի ժամով 00.40-ին, Տոհա-Երեւան թռիչքով: