ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ՄԱԿ-ի զար­գաց­ման ծրա­գի­րը Կա­նաչ կլի­մա­յա­կան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ ստա­ցած է 20 մի­լիոն տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ՝ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով ու­ժա­նիւ­թի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը բարձ­րաց­նե­լու, ծախ­սե­րը, ինչ­պէս նաեւ ած­խա­ծի­նի եր­կօք­սի­տի ար­տա­նե­տու­մը նուա­զեց­նե­լու հա­մար: Ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տին մէջ տրուող այս դրա­մաշ­նոր­հը ա­ռա­ջինն է Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ մէջ եւ երկ­րոր­դը՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ:

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, գան­ձատ­րու­մը ծրագ­րի խում­բին կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու շուրջ վեց հա­զար ըն­տա­նիք­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րու եւ հա­րիւր յի­սուն հան­րա­յին շէն­քե­րու, նե­րա­ռեալ դպրոց­նե­րու եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ար­տա­քին պա­տե­րը, մուտ­քը, տա­նիք­նե­րը, ա­ռաս­տաղ­նե­րը, պա­տու­հան­նե­րը եւ յա­տակ­նե­րը: Ծրագ­րին նպա­տակն է լու­ծում տալ տու­նե­րու եւ հան­րա­յին շէն­քե­րու ու­ժա­նիւ­թի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան խնդիր­նե­րուն՝ այդ­պէ­սով նուա­զեց­նե­լով ան­տա­ռա­հա­տում­նե­րը եւ ու­ժա­նիւ­թի սպա­ռու­մը:

«Սա ա­մե­նա­մեծ ներդ­րումն է, զոր մեր գրա­սե­նեա­կը եր­բե­ւէ ստա­ցած է: Մենք հպարտ ենք՝ պատ­կե­րաց­նե­լով, թէ այս ներդ­րու­մը ինչ կը նշա­նա­կէ մեր երկ­րի ա­պա­գա­յին հա­մար», յայտ­նած է ՄԱԿ-ի Զար­գաց­ման ծրագ­րի հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կի կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու փոր­ձա­գէտ Տիա­նա Յա­րու­թիւ­նեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016