ՀԱՏՈՐ ՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ԴՐԱՄՆԵՐՈՒ

Դա­սա­կան դրա­մա­գի­տա­կան խմբա­կին (CNG) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, հայ­կա­կան հնա­ւանդ դրամ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած անգ­լե­րէն հա­տոր մը՝ «Armenian Coinage in the Classical Period» ա­նու­նով, լոյս տե­սած է հե­ղի­նա­կու­թեամբ գա­լի­ֆոր­նիա­ցի դրա­մա­գէտ Ֆրենք Լ. Քո­վաք­սի։ Հա­տո­րը, որ 10-րդն է նշեալ խմբա­կին հրա­տա­րա­կած «Դա­սա­կան դրա­մա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ» շար­քին, հայ­կա­կան դրամ­նե­րու մա­սին վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին լոյս տե­սած ա­ռա­ջին աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնն է, որ կը քննէ ա­մե­նա­հին հայ­կա­կան դրա­մա­նի­շէն (275 Ք­.Ա.) սկսեազ ա­ւե­լի քան 300 դրամ­ներ։ 142 էջ­նոց լա­թա­կազմ հա­տո­րին գի­նը 90 տո­լար է։ Մի­ջազ­գա­յին ապսպ­րանք­նե­րու սա­կը 125 տո­լար է։ Հա­տո­րին տա­րա­ծու­մը ստանձ­նած է Հայ­կա­կան դրա­մա­գի­տա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016