«ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ…»
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն ամբողջութեամբ մաքրագործեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի Ճերապլուս քաղաքը։ «Եփրատի վահան» անուանեալ լայնածաւալ գործողութեան շնորհիւ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչները լքեցին քաղաքը ու զիջեցին դէպի հարաւ։ Միջազգային համախոհութեան զօրքերուն հետ միասնաբար թուրք բանակը ապահովեց այս արդիւնքը։ Ընդհանուր առմամբ 14 ժամ տեւած գործողութեան մը արդիւնքին ԻՇԻՊ-էն ազատագրուեցաւ Ճերապլուսը։ Օդային սաստիկ ռմբակոծումներով սկսած գործողութիւնը շարունակուեցաւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու եւ աւելի վերջ ալ հրասայլերու Սուրիոյ տարածքը մուտք գործելով։ Օրուան աւարտին Ճերապլուսը արդէն Ազատ Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցաւ։ Գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուեցաւ ԻՇԻՊ-ի հարիւր ահաբեկիչ։ Թրքական կողմը կորուստ մը չունեցաւ։ Մինչ Ճերապլուս անցաւ արաբներու եւ թիւրքմեններու հակակշռին տակ, ՓԵՏ-ն ալ արդէն իր զօրքերը դէպի Եփրատի արեւելքը ետ քաշել սկսաւ։ Լրասփիւռները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը։ Այդ տեսակցութեան ընթացքին Քերի Չավուշօղլուին տեղեկացուցած է, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերը կը վերադառնան իրենց նախկին դիրքերը։
«Եփրատի վահան» գործողութիւնով Թուրքիա միեւնոյն ժամանակ ձգտած է ազդու պատգամ մը տալ այս խնդրին շուրջ։ Գործողութեան յաջողութեամբ պսակուիլը ունի քանի մը նշանակութիւն։ Առաջինը՝ ԻՇԻՊ կարեւոր դիրք մը կորսնցուցած է։ Երկրորդ՝ ՓԵՏ անխուսափելիօրէն պիտի վերադառնայ Եփրատի արեւելքը։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի հարաւին գտնուող նրբանցքը անցած է Թուրքիոյ եւ դաշնակից խմբակի մը վերահսկողութեան տակ։ Քաղաքական լուծման փուլին այս իրադարձութիւնը կարեւոր խաղաքարտի մը պիտի վերածուի Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Երէկ, պետական աւագանին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, «Եփրատի վահան» գործողութեան շուրջ ունեցան ելոյթներ եւ յստակօրէն ընդգծեցին Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած նպատակները։
Անգարայի շփումները նոր աւարտած Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանին ալ հրաժեշտ առնելէ առաջ յայտարարեց, որ տարածքաշրջանէ ներս մեծ փոփոխութիւններ պիտի ապրուին։