ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԱՑՈՅՑՆԵՐԸ

Կեան­քի յա­րա­ցոյց­նե­րը, այ­սինքն կեան­քի ի­տէա­լը եւ մտա­տի­պա­րը եր­կին­քի չափ բարձր են։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ան­մար­մին են եւ ան­հա­սա­նե­լի։ Եւ հո­գին կը հիւ­սէ՝ զա­նոնք կեն­դա­նի ներշն­չում­նե­րով այն ե­րա­զանք­նե­րուն՝ ո­րոնց անձ­նա­տուր կ՚ըլ­լայ շնոր­հիւ իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան։

Բայց պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ՝ մարդ միշտ դժգոհ է ի­րա­կա­նու­թեան բիրտ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով է– որ քի­չե՜ր ի­րա­պաշտ են, եւ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը նա­խընտ­րեն ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նը, են­թադ­րա­կա­նը՝ փո­խա­նակ ճշմար­տու­թեան։ Քա­նի որ ճշմար­տու­թիւ­նը ան­փո­փոխ է՝ ի՛նչ որ է, ա՛յն է. ո՛չ ա­ւե­լի, ո՛չ պա­կաս։

Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով կ՚ը­սենք, թէ կեան­քի յա­րա­ցոյց­նե­րը՝ «idéal»նե­րը բարձր են։ Շատ ան­գամ վե՛ր ի­րա­կա­նու­թե­նէ, ապ­րում­նե՜­րէ…։

Ուս­տի մարդ­կա­յին կեան­քը եւ բո­լոր ապ­րող՝ կեն­դա­նի էակ­նե­րու կեան­քը հիմ­նուած է եր­կու բնազդ­նե­րու վրայ. մին՝ գո­յա­պահ­պա­նում, կամ ինք­նա­պահ­պա­նում, իսկ միւ­սը՝ գո­յա­տե­ւում, կամ էու­թեա­նը շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ ա­նոնք կ՚ապ­րին ու կը շար­ժին ըստ այս եր­կու հիմ­նա­կան բնազ­դին։

Ու­րեմն «ապ­րիլ»ը ա­նընդ­հատ եւ ան­վերջ եր­կունք մը, պայ­քար մըն է։ Կեան­քը կ՚ըն­թա­նայ այս պայ­քա­րի մի­ջա­վայ­րին մէջ, եւ ե­թէ ի­րե­րը, ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րը շի­տակ դա­տուի եւ ճիշդ մեկ­նա­բա­նուի՝ մարդ կրնայ հաս­նիլ իր ի­տէա­լին։

Այս ի­մաս­տով կեան­քը ապ­րիլ, կը նշա­նա­կէ՝ նե­ղու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, վիշ­տե­րու, ան­գութ ու­ժե­րու, եւ այս բո­լո­րէն ետք, մա­հուա՛ն դէմ պայ­քա՛ր մըն է՝ գո­յա­պահ­պան­ման ե՛ւ գո­յա­տեւ­ման։

Առ­տուանց կա­նուխ՝ մութ­նու­լու­սուն թռչուն­նե­րու ճռուո­ղիւ­նին մէջ, մարդ կը նշմա­րէ նաեւ անձ­կու­թեան շե՛շտ մը։ Երբ նոր օ­րը կը ծա­գի՝ ի­րեն հետ կը բե­րէ նոր մտա­հո­գու­թիւն մը՝ թէ այս ա­րա­րած­նե­րը ո՛ւր պի­տի գտնեն ի­րեն ու­տե­լի­քը եւ խմե­լի­քը, եւ կը սկսի ա­հա­ւա­սիկ «կեան­քի պայ­քար»ի նոր ըն­թացք մը ի­րենց հա­մար։ Եւ ա­մէն օր կը շա­րու­նա­կէ ա­սի­կա։

Մար­դոց հա­մար ալ նո՛յնն է. ա­մէն ա­ռա­ւօտ երբ նոր օ­րի մը սե­մին կը գտնուի մարդ, մտա­հո­գու­թեամբ կը հարց­նէ ինք­նի­րեն. «այ­սօր ի՞նչ պի­տի ը­նեմ կեանքս պահ­պա­նե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար…»։ Ան­ձայն կեր­պով կը կրկնուի այս հար­ցու­մը ա­մէն օր. «այ­սօր ի՞նչ պի­տի ը­նեմ…»։ Կար­ծեմ ապ­րե­լու ի­մաս­տը այս է. «պայ­քա­րի՜լ օր մը եւս ապ­րե­լու հա­մար…»։

Թռ­չուն­նե­րէն կ՚առ­նենք օ­րի­նա­կը։

Այս թռչուն­նե­րէն շա­տեր պար­տա­ւո­րուած են ո՛չ միայն ի­րենք զի­րենք կե­րակ­րե­լու՝ հա­պա նաեւ՝ ի­րենց ձա­գուկ­նե­րը՝ ո­րոնք ա­նօ­թի եւ ան­համ­բեր կը սպա­սեն ի­րենց մայ­րե­րուն, որ­պէս­զի կշտաց­նեն զի­րենք։

Մարդն ալ այս կեան­քի պայ­քա­րին մէջ կա­րօտ է միշտ իր նմա­նին՝ ու­րիշ մար­դու մը, եւ ա­ռա­ւե­լա­պէս՝ իր ծնող­քին, մա­նա­ւանդ իր մօ՛ր։ Եւ կեանք պայ­քա­րին մէջ ա­ռան­ձին մնալ, կը նշնա­կէ՝ պար­տու­թեան պատ­րաստ ըլ­լալ, քա­նի որ մա՛րդ չի կրնար ա­ռանց օգ­նու­թեան յա­ջո­ղիլ կեանք պայ­քա­րին մէջ՝ գո­յա­պահ­պա­նուիլ եւ գո­յա­տե­ւել եր­կար ժա­մա­նակ։

Եւ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, հետզ­հե­տէ, ծնող­քին դե­րը կը ստա­նան ըն­կեր­ներ, բա­րե­կամ­ներ, մա­նա­ւանդ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ։

Ե­թէ մարդ ու­նի հա­ւա­տա­րիմ ըն­կեր, բա­րե­կամ կամ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ՝ ե­րա­նե­լի՜ պէտք է նկա­տէ ինք­զինք, քա­նի որ կեանք պայ­քա­րին մէջ ա­ռան­ձին չէ, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ պի­տի կա­րե­նայ շա­րու­նա­կել իր պայ­քա­րը, եւ պի­տի կա­րե­նայ գո­յա­պահ­պա­նե՛լ ու գո­յա­տե­ւե՛լ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար տա­կա­ւին։

Բայց մարդ, ան­պայ­մա՛ն, օր մը պի­տի պար­տուի այս պայ­քա­րին մէջ, ե­թէ ո՛չ ու­րիշ ո­րե­ւէ բա­նի, բայց միա՛յն մա­հուան…։

Մա­հը, մար­դուս կեան­քի պայ­քա­րին մէջ, վեր­ջին հա­րուածն է, որ ի վեր­ջոյ պար­տու­թեան կը մատ­նէ զինք։ Կեան­քի պայ­քա­րի վերջ­նա­կան պսա­կա­ւո­րը միշտ մա՛հն է։

Բայց մա­հուան զօ­րու­թիւ­նը միայն եւ միայն պահ մըն է՝ մա­հուան պա­հը, եւ յե­տոյ մահն ալ կը պար­տուի ան­մա­հու­թեան՝ ի­րեն յա­ջոր­դող յա­ւի­տե­նա­կան կեա՛ն­քին։

Կեան­քի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը մնան այս աշ­խար­հի կեան­քին նեղ սահ­ման­նե­րուն մէջ, եւ յե­տոյ կու գայ մա­հը՝ սահ­ման­նե­րը կը բա­ցուին եւ կը սկսի յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը՝ ուր ո՛չ ցաւ, ո՛չ վիշտ, ո՛չ նե­ղու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի՝ միա՛յն ան­վերջ ե­րա­նու­թիւն եւ ու­րա­խու­թի՛ւն։ Ու­րեմն մտա­հո­գու­թիւն­ներ կը պատ­կա­նին այս աշ­խար­հի կեան­քին միայն, կեր­պով մը եր­կունք՝ պատ­րաս­տուե­լու եւ ապ­րե­լու հա­մար երկ­նա­յին ե­րա­նու­թիւն­նե­րը։

Մար­դիկ ին­չո՞ւ կ՚ապ­րին։ Պայ­քա­րե­լու հա­մար։ Հա­պա ին­չո՞ւ կը մեռ­նին։ Յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ե­րա­նու­թիւն­նե­րով ան­մա­հա­նա­լու, եր­ջան­կու­թեամբ պսա­կուե­լու հա­մար։

«Մա­հը վեր­ջի հա­րուածն է», ը­սինք, հա­րուած մը՝ որ մար­դը կը փո­խադ­րէ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ե­րա­նե­լի աշ­խար­հը՝ ուր ան պի­տի վա­յե­լէ իս­կա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը, ա՜յն ինչ որ չէր գտած իր աշ­խար­հա­յին կեան­քին մէջ՝ հա­կա­ռակ որ իր յա­րա­ցոյցն էր՝ ի­տէա­լը, նպա­տա­կը՝ երկ­րա­յին կեան­քին։

Ա­պա ու­րեմն, մարդ ին­չո՞ւ վախ­նայ մա­հէն, քա­նի որ ա­նոր իշ­խա­նու­թիւ­նը միայն պահ մըն է, եւ հա­րուա­ծը՝ մղում մը դէ­պի ան­մա­հու­թի՛ւն։ Այս պատ­ճա­ռով՝ մա­հը պէտք է վախ­նայ մար­դէն, քա­նի որ ան ան­մա­հու­թեան կ՚անց­նի՝ ուր մա­հը այ­լեւս ո­րե­ւէ զօ­րու­թիւն եւ իշ­խա­նու­թիւն չի կրնար ու­նե­նալ։

Այս աշ­խար­հի մէ՛ջ է պայ­քա­րը, եր­կուն­քը՝ այն ու­ժե­րուն դէմ, ո­րոնք ո­րե­ւէ կեր­պով կը փոր­ձեն մար­դուս կեան­քը դառ­նաց­նել, դժուա­րաց­նել, վտան­գել, նե­ղու­թեան մատ­նել, եւ մեռց­նե՛լ։ Մարդ կ՚ապ­րի, բայց ինչ­պէ՜ս կ՚ապ­րի, ապ­րո­ղը միայն գի­տէ…։ Ուս­տի հա­սա­րա­կաց փոր­ձա­ռու­թիւն մը բա­ցատ­րե­լու փոր­ձը ա­ւե­լորդ է…։

Բայց ի՛նչ­պէս որ ալ կ՚ապ­րի մարդ, գէթ ա­ռանց Աս­տու­ծոյ չ՚ապ­րիր։ Աս­տուած կեան­քը չի փո­խեր, պա­շա­րող ցա­ւե­րը, վտանգ­նե­րը չի բառ­նար, եւ ոչ ալ մա­հը կը խա­փա­նէ, բայց ա­տոնց դէմ մար­դուս պայ­քա­րը անվ­հատ քա­ջու­թեամբ մղե­լու կա­րո­ղա­նա­լու հա­մար՝ մար­դուս հար­կա­ւոր զօ­րու­թիւ­նը կու տա՛յ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 16, 2016, Գնա­լը կղզի

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016