Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
«Կինէս»Ի Մրցանիշ՝ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն Նուիրուած
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան, 25 Օգոստոսին, «Կինէս»ի նոր մրցանիշ սահմանեց՝ զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներու յիշատակին: Մանուէլ Մամոյեան երկրորդ փորձին կրցաւ 1 վայրկեանի մէջ բռունցքներուն վրայ 86 անգամ կատարել յենում-ծալում վարժութիւնը՝ նոր մրցանիշ սահմանելով: Միւս կողմէ, նախորդ մրցանիշը կը պատկանի Գանատան ներկայացնող Ռոյ Պերկերին՝ 84 անգամ: Վերջինս այս մրցանիշը սահմանած էր 18 Յունիսին:
Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2016