«100 Գաղափար Հայաստանի Համար» Մրցումը
Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր: Մրցումին նպատակն է զարգացնել երիտասարդներուն նորարարական մտածողութիւնը, ներգրաւել երիտասարդները Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներու լուծման հոլովոյթներուն մէջ, խթանել գիտական-արհեստագիտական մշակումներն ու նորարարական նախագիծեր իրականացնելու քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները: Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան լրատուական բաժինը, հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ մրցումին հիմնական նպատակները.
1.- Երիտասարդական գիւտարարութեան, նորարարութեան խթանումը եւ զարգացումը:
2.- Երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման համար գործնական նշանակութիւն ունեցող նորարարական նախագիծերու ու գիտական-արհեստագիտական մշակումներու յայտնաբերումը եւ հաւանական ներդրումը:
3.- Ընկերային եւ հասարակական կարեւոր խնդիրներու լուծման հոլովոյթներուն մէջ հասարակական միաւորումներու, տնտեսվարող կառոյցներու եւ կառավարման պետական մարմիններու միջեւ բոլոր մակարդակներուն վրայ համագործակցութեան կատարելագործումը:
4.- Երիտասարդութեան ընկերային գործընկերութեան եւ փոխադարձ պատասխանատուութեան սկզբունքներուն ներդրումը գործնականին մէջ:
Մրցումի կազմակերպչական կոմիտէին կողմէ ընդունուած մրցումի դիմումները գնահատելու նպատակով ստեղծուած մրցումի փորձագիտական յանձնախումբը պիտի գնահատէ այդ դիմումները: Փորձագիտական նախնական գնահատման շնորհիւ ընտրուած լաւագոյն քսան դիմումները պիտի անցնին մրցումի եզրափակիչ փուլ: 2016 թուականի Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի մրցումի եզրափակիչ փուլ անցած քսան լաւագոյն նորարարական նախագիծերու եւ գիտական-արհեստագիտական մշակումներու ցուցահանդէս, ապա պիտի գումարուի յանձնախումբի նիստ, ուր տեղի պիտի ունենայ նախագիծերու պաշտպանութիւն (ներկայացման ձեւով) հեղինակներու (հեղինակային խումբերու) կողմէ եւ նախագիծերու վերջնական գնահատում: Նիստի աւարտին յանձնախումբը, ըստ հաստատուած անուանակարգերու, պիտի հրապարակէ նախագիծերու վերջնական գնահատականները եւ զանոնք պիտի ներկայացնէ կազմակերպչական կոմիտէին, որ պիտի ամփոփէ յանձնախումբին գնահատականները, որուն հետեւանքով պիտի որոշուին մրցումին յաղթող երեք նախագիծերը:
Մրցումին յաղթած նախագիծերը պիտի ստանան դրամական խրախուսում: Ընդհանուր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2 միլիոն դրամ: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին յաղթած երեք նախագիծերը 2018 թուականին պիտի մասնակցին «100 գաղափար ԱՊՀ-ի համար» մրցումին: 2016 թուականին մրցումը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ անուանակարգերով`
1.- Գիւղատնտեսական գիտութիւններ,
2.- Ռազմական գիտութիւններ,
3.- Քիմիական գիտութիւններ:
Նախագիծերը անհրաժեշտ է ներկայացնել թղթային եւ ելեկտրոնային կրիչով (Ուըրտ տոքիւմընթ, մինչեւ 10 էջ) եւ «Փաուըր Փոյնթ»ով ներկայացում (մինչեւ 25 սլայտ): Չեն բացառուիր ելեկտրոնային ներկայացման այլ յաւելեալ միջոցներ`լսատեսողական նիւթեր, պատկերային ուրուագիծեր, համակարգչային ծրագիրներ եւ այլն: Պիտի կիրարկուին նախագիծի գնահատման հետեւեալ չափանիշները.
1.- Ներկայացուած նիւթին արդիականութիւնը եւ նախագիծի գործնական նշանակութիւնը:
2.- Գաղափարի նորութիւնը կամ ներկայացուած խնդիրի լուծման մօտեցումներու նորարարականութիւնը:
3.- Նորարարական նախագիծի (ուսումնասիրութիւն) նպատակներու, խնդիրներու յստակութիւնն ու տրամաբանական հիմնաւորուածութիւնը եւ անոնց հասնելու ուղիներուն յստակութիւնը:
4.- Նիւթին վերաբերեալ հեղինակային հայեցակարգերու եւ գործնական յանձնարարականներու իւրօրինակութիւնը:
5.- Մրցումի նորարարական նախագիծի իրականացման իրատեսականութիւնը:
Լրացուցիչ առաւելութիւն պիտի ստանան ցուցադրական նիւթով (տեսահոլովակ, մանրակերտ, նմոյշներ եւ այլն) ներկայացուած աշխատանքները: Մրցումին դիմումները կ՚ընդունուին 2016-ի 1 Օգոստոս-9 Սեպտեմբեր թուականներուն միջեւ: Դիմումները պէտք է ներկայացնել Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024