ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳԵՐՄԱՆԱ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած Գերմանա-հայկական ֆորումին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պունտեստակի երեսփոխան Ալպերթ Վայլէի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Նալպանտեան կարեւորեց այս ֆորումին գործունէութիւնը՝ ուղղուած Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Երեւանի եւ Պերլինի միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի համագործակցութեան կապակցութեամբ ու քննարկեցին այն քայլերը, որոնց կը ձեռնարկուին փոխյարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։ Ալպերթ Վայլէր ներկայացուց ֆորումի կողմէ կատարուած աշխատանքն ու մշակուած ծրագրերը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։ Այս առումով Նալպանտեան ներկայացուց ԵՄ-ի հետ նոր իրաւական հիմքի մը շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը։ Նախարարը գերմանացի խորհրդարանականներուն նկատառման յանձնեց նաեւ այն ջանքերը, որոնք Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կը գործադրուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման առաջադրութեամբ։