Սերունդներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Հայ Ընտանիքէն Ներս
Իբրեւ հոգեբոյժ, հայ ընտանիքներու հետ աշխատելու ժանանակ յաճախ կը դիմագրաւեմ հարցեր, որոնց պատճառը սերունդներու միջեւ մշակութային եւ մտածելակերպի տարբերութիւններն են: Ընդհանրապէս, այս բախումները Ամերիկա ծնած հայերու եւ իրենց ծնողներուն միջեւ կ՚ըլլան. ծնողներ, որոնք Ամերիկայի մէջ առաջին սերունդի գաղթականներ են: Այս հարցերը դիմագրաւելու առաջնահերթ ձեւը ընտանիքին բացատրելն է տարբերութիւնները հայկական համայնական եւ ամերիկեան անհատապաշտ մշակոյթներուն միջեւ:
Շատ ծնողներ չեն հասկնար, որ իրենց զաւակները կ՚ընդունին իրենց շուրջ տիրապետող ամերիկեան մշակոյթը, որ կը քաջալերէ անհատականութիւնը, անկախութիւնը եւ ինքնաբաւութիւնը: Երախաներ շատ կանուխ տարիքէն այս արժէքները կ՚իւրացնեն: Արեւմուտքի մէջ ծնողներ կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները իրենք իրենց հոգ տանին: Նոյնիսկ երբ իրենց զաւակները տակաւին փոքր են, ամերիկացի ծնողները կը քաջալերեն, որ անոնք մասնակից ըլլան՝ երբ կարեւոր որոշումներ կ՚առնուին: Ամերիկացի երախաներ կանուխ տարիքէն կը սկսին անձնական կարծիքներ կազմելու:
Այս տեսակի մշակոյթներուն մէջ, անձի մը ինքնութինը կախեալ է այդ անձին հաւատքէն, համոզումներէն եւ փորձառութիւններէն: Այս չի նշանակեր, որ ընտանեկան արժէքները եւ սովորութիւնները անկարեւոր են: Սակայն, մեր զաւակները կ՚ընտրեն իրենց հաւատքները՝ բաղդատելով ընտանեկան արժէքները ընկերութեան արժէքներուն հետ, զատելով այն, ինչ կը հաւնին կամ կը տեսնեն որպէս անհրաժեշտ: Երբ զաւակներ ամօթ կամ մեղաւոր զգան, այդ զգացումները ընդհանրապէս կը բխին տարբեր մտածելակերպերու բախումներէն: Երբեմն, երբ զաւակներ մեծ տարբերութիններ կը տեսնեն իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն միջեւ, մեղաւոր եւ առանձին կը զգան:
Համայնական մշակոյթներու մէջ, ինչպէս՝ հայկական, ծայրագոյն-արեւելեան, միջին-արեւելեան, ափրիկեան եւ բնիկ ամերիկեան մշակոյթները, անձը իր ընկերութեան եւ համայնքին մաս կը կազմէ՝ փոխանակ զատ էութիւն ըլլալու:
Այս տեսակի մշակոյթներուն մէջ, անձնական ինքնութիւնը կապուած է անձին՝ ընկերութեան մէջ եւ հետ ունեցած փորձառութիւններէն: Օրինակի համար, անձ մը, իր համայնքին մէջ, կրնայ առնել մայրական դեր՝ ուրիշներու նեցուկ կանգնելով: Կամ՝ ուրիշ անձ մը կրնայ համայնքի անդամներուն նիւթապէս օգնել: Այս տեսակի մշակոյթներուն մէջ, ընդհանրապէս յստակ դասակարգում կայ՝ հիմնուած տարիքի եւ սեռի վրայ, մեծհայրերու իշխանութեան տակ: Ընտանիքի օրէնքները բանակցութեան ենթակայ չեն, եւ մշակութային աւանդութիւնները կը պահպանուին: Օրինակի համար, աղջիկներ իրենց ծնողքին հետ կ՚ապրին մինչեւ ամուսնութիւն, իսկ տղաք, նոյնիսկ երբ իրենց քոյրերէն փոքր են, աւելի հեղինակութիւն կ՚ունենան տան մէջ:
Ընտանիքի փափաքները եւ կարիքները միշտ անձնականէն աւելի կարեւոր են: Ընտանիքի անդամները ընտանիքին հանդէպ յստակ պատասխանատուութիւններ ունին: Բոլորը գիտեն, թէ իրենց վարուելակերպը եւ որոշումները ամբողջ ընտանիքին վրայ կրնան ազդել: Ընտանիքի անդամները միշտ ստիպ-ւած են պաշտպանելու ընտանիքին պատիւը եւ շահերը: Սխալներ եւ վատ գործեր ամօթալի են ոչ միայն անձին, այլ ամբողջ ընտանիքին համար: Ծնողներու կարծիքը եւ բարեհաճութիւնը շատ կարեւոր են զաւակներուն համար, որոնք միշտ կը ջանան իրենց ծնողքին համակրանքը շահիլ: Զաւակները նաեւ կը հետեւին ծնողքի խրատին, նոյնիսկ անձնական որոշումներու պարագային, օրինակ՝ կողակիցի կամ ասպարէզի ընտրութեան ընթացքին: Ծնողները իրենց զաւակներով եւ անոնց յաջողութիւններով կը հպարտանան:
Շատ հայ ընտանիքներ կը բնակին multi-սերնդային տուներու մէջ, ուր երբեմն երեք սերունդներ միասին կ՚ապրին: Մեծհայրերը ու մեծմայրերը կ՚ապրին իրենց զաւակներուն ու թոռներուն հետ, եւ կը վայելեն բարձր հեղինակութիւն, կը վայելեն ընկերային դասակարգումներու ամենաբարձր դիրքերը: Իրե՛նք են, որ ընտանեկան աւանդութիւններուն տէր կը կանգնին: Անոնք նաեւ ընտանիքի փոքրերը կը հոգան: Ժամանակի ընթացքին, այս դերերը կը փոխուին եւ թոռները ծերացող ընտանիքի անդամները կը հոգան: Հայ զաւակները իրենց ընտանիքի ծեր անդամներուն հանդէպ պատասխանատու կը զգան:
Օտարութիւնը եւ ձուլումը բնականաբար բախումներ եւ հարցեր կը ստեղծեն աւանդական հայ ընտանիքէն ներս: Օրինակի համար, հայրը կրնայ զգալ, որ իր հեղինակութիւնը վտանգի տակ կ՚ըլլայ, եթէ իր կինը աշխատելու սկսի եւ իրմէ աւելի դրամ շահի: Կամ՝ երախաներ երբեմն կ՚առնեն այնպիսի դերեր, որոնք իրենց տարիքին յարմար չեն սեպ-ւիր Արեւմուտքի մէջ: Օրինակ՝ երախաներ իրենց ծնողներուն կ՚օգնեն՝ տեղական լեզուն թարգմանելով կամ հիւանդ ծնողներու հոգ տանելով: Երախաներ դիւրութեամբ կը համակերպին նոր միջավայրերու, ինչ որ ինքնին կրնայ միջսերնդային բախում ստեղծել, երբ ծնողներ զգան, թէ իրենց եւ զաւակներուն միջեւ մեծ տարբերութիւններ կը ստեղծուին:
Օտարութիւնը նաեւ մեծ հարցեր կը ստեղծէ երիտասարդ չափահասներու մօտ։ Որպէս հոգեբոյժ, հանդիպած եմ բազմաթիւ հայ երիտասարդներու, որոնք բուժուելու կու գան՝ իրենց ներքին զգացական պայքարէն ելք մը գտնելու համար։ Անոնք կը տառապին աւանդական համայնականութեան մշակոյթին, ուր ծնած են, եւ արեւմտեան անհատապաշտութեան մշակոյթին, ուր մեծցած ու ազդուած են, միջեւ մղուած պայքարով: Ճիշդ այս պատճառով ալ, անոնք կը փորձեն գտնել հա՛յ հոգեբոյժներ, որոնք զիրենք լաւապէս կը հասկնան:
Բոլորիս նպատակը պէտք է ըլլայ բաղդատել հայկական, համայնական կենցաղը, եւ արեւմտեան, անհատապաշտ կենցաղը, նաեւ հասկնալ իւրաքանչիւրին լաւ ու վատ կէտերը ու փորձել մեր կեանքերը հաւասարակշռել երկուքին միջեւ:
ՄԱՐԻԱՄ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
Psy.D. հոգեբոյժ, «Փեփըրտայն» համալսարանի adjunct փրոֆեսէօր եւ Pacific Clinics-ի խորհրդատուական յանձնախումբի անդամ.