ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ
Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրուած «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, քայլ մը եւս առաւ Հայաստանի շրջաններու երիտասարդութեան ապագայի կերտման ճամբուն վրայ:
Հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ձեռնարկութիւններու միութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան երկու ուսումնական հաստատութիւններու մէջ բացուեցան ճարտարագիտական աշխատանոցներ: Առաջինը՝ Արմաւիրի Ճարտարարուեստի մանկավարժական պետական դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդը՝ Մարալիկի Պետական արհեստագործական ուսումնարանին մէջ:
Այս ծրագիրին միջոցով աշակերտները առիթ կ՚ունենան ուսումնասիրելու համակարգչային ծրագրաւորման, եռաչափ տպագրութեան, մարդամեքենաներու նախագծման, ստեղծումին ու կառավարման ծալքերը: Այս մասնագիտութիւնները աշխատանքի առիթներ գտնելու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, քանի որ արդի արհեստագիտութեանց ոլորտը նոր մասնագէտներու մեծ պահանջ ունի:
Սեպտեմբերին պիտի սկսին առաջին դասընթացքները, որոնք պիտի իրականացուին անվճար՝ ներգրաւելով ուսանողներու աւելի լայն շրջանակ: Աշխատանոցին մէջ ծաւալուելիք հետագայ դասընթացքները շարունակական կերպով պիտի քաջալերուին Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, որովհետեւ այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը կը դիտուի իբրեւ մտային կարողութեան եւ ստեղծագործութեան համադրումի գերազանց օրինակ: