«ԿԱԶՓՐՈՄ»Ի ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Ռուսաստանի կազի ընկերութեան՝ «Կազփրոմ»ի ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ «Կազփրոմ»ի փոխ-նախագահ Ալեքսանտր Մետվետեւ յայտնեց, թէ Միլըրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մէջ քննարկումներ պիտի ծաւալէ «Թրքական հոսք» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման ծրագրին շուրջ։ Միլըրի այցելութեան ընթացքին պիտի շօշափուին նաեւ ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ այլ խնդիրներ։
Ալեքսէյ Միլըր Թուրքիոյ շփումներուն շրջագծով մանրամասն քննարկումներ պիտի ունենայ ՊՕԹԱՇ-ի իրաւասուներուն հետ։ «Թրքական հոսք» ծրագրին առընթեր կողմերը պիտի շօշափեն նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիա մատակարարուած բնական կազի սակագինը զեղչելու վերաբերեալ հարցեր։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ՝ Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի հետ՝ «Թրքական հոսք» կազամուղի կառուցման ծրագիրը յառաջ տանելու ուղղութեամբ։
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանն ալ ներկայիս Իրանի բնական կազը իր տարածքով դէպի Եւրոպա տարանցելու հաւանականութեան վրայ աշխատանք կը տանի։ Ատրպէյճանի Ուժանիւթի փոխ-նախարար Նաթըք Ապպասով այս մասին յայտնած է՝ ուժանիւթի տնտեսութեան վերաբերեալ միջազգային համաժողովի մը ընթացքին։ Ազէրի փոխ-նախարարին խօսքերով, կարելի է Իրանը միացնել անդրադրիականեան կազատարին (TANAP)։ Սոյն հաւանականութեան առընթեր, Ապպասով խօսեցաւ նաեւ Իրաքի կազը Ատրպէյճանի վրայով Եւրոպա տեղափոխելու հնարաւորութեան շուրջ։
TANAP ծրագիրը կը նախատեսէ Ատրպէյճանի «Շահտենիզ» հանքավայրի կազը Վրաստան-Ատրպէյճան ուղղութիւնով փոխադրել մինչեւ Թուրքիոյ արեւմտեան սահմանը։ Այդ կազը 2018 թուականին պիտի հասնի Թուրքիա։ Իսկ անդրադրիական կազատարի շինարարութեան աւարտին, կը նախատեսուի 2020 թուականի սկիզբին բնական կազը հասցնել դէպի Եւրոպա։