ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի կա­զի պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան՝ «Կազփ­րոմ»ի ընդ­հա­նուր գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­լեք­սէյ Մի­լըր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն կող­մէ։ Իս­թան­պու­լի մէջ, վար­չա­պե­տա­րա­նի Տոլ­մա­պահ­չէի գրա­սե­նեա­կէն ներս Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­լեք­սէյ Մի­լը­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թեան հետ։ Ալ­պայ­րաք եւ Մի­լըր ու­նե­ցան շուրջ 45 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ո­րու ա­ւար­տին գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Եր­կու կող­մէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ մաս­նակ­ցե­ցան քննար­կում­նե­րուն, նե­րա­ռեալ ՊՕ­ԹԱՇ-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Պուր­հան Էօզ­ճան։

Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք նշեց, որ Թուր­քիա յոյս ու­նի Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի լաւ հար­թու­թեան մը վրայ դնե­լու։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ «Կազփ­րոմ»ի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը եր­կար ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ կ՚այ­ցե­լէ Իս­թան­պուլ։ Ըստ նա­խա­րա­րին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փու­թի­նի մի­ջեւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դիպ­ման զու­գա­հեռ Ան­գա­րա-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ցած են ան­ցեա­լէն ա՛լ ա­ւե­լի լաւ կէ­տի մը։ Իր խօս­քե­րով, այս ծի­րին մէջ ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս շատ դրա­կան քայ­լեր պի­տի առ­նուին։

Կը հա­ղոր­դուի, որ Ա­լեք­սէյ Մի­լը­րի շփում­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը։ «Կազփ­րոմ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ յայտ­նեց, որ այս նիւ­թին շուրջ տա­կա­ւին զար­գա­ցում մը չէ ար­ձա­նագ­րուած։ Ե­րէ­կուան ծա­ւա­լուն ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ու­ժա­նիւ­թի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու։ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ եր­կու կող­մե­րը հա­մա­ձայ­նած են ա­րա­գաց­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ թոյլ­տուու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թաց­նե­րը՝ «Թրքա­կան հոսք» ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ճա­նա­պար­հին։   

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016