Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՋՆՋՈՒԱԾ
Փարիզի հայաբնակ արուարձաններէն Արֆորվիլի մէջ նախատեսուած հայկական մշակութային փառատօնը ջնջուեցաւ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի ջանքերով կազմակերպուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, այս ձեռնարկը վերջին պահուն առկախուեցաւ ահաբեկչական սպառնալիքի բերումով՝ Ֆրանսայէ ներս հաստատուած անվտանգութեան արտակարգ միջոցներու պատճառով։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016