ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլց ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Շուլ­ցը ըն­դու­նեց Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ։ Ներ­կայ էր նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­ման։ Էր­տո­ղա­նի ա­ռըն­թեր Մար­թին Շուլց տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Մար­թին Շուլց, որ Իս­մա­յիլ Քահ­րա­մա­նի հետ ալ տե­սակ­ցե­ցաւ, հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։

Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ Մար­թին Շուլց նշեց, թէ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ Եւ­րո­պա չէ կրցած ցու­ցա­բե­րել անհ­րա­ժեշտ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Այդ օ­րը թուրք ազ­գի պատ­մու­թեան փա­ռա­հեղ է­ջե­րէն մին կը հա­մա­րուի։

Շուլց պա­տաս­խա­նեց հար­ցու­մի մը, որ կը վե­րա­բե­րէր ՓԵՏ-ի ղե­կա­վար Սա­լիհ Միւս­լիւ­մի Եւ­րո­խորհըր-դա­րան տուած այ­ցե­լու­թեան։ Ան ը­սաւ, թէ այ­ցը տե­ղի ու­նե­ցած է ան­հա­տա­կան հրա­ւէ­րի մը վրայ եւ ո­րե­ւէ պար­տա­դիր ե­րե­սակ չու­նի Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին տե­սա­կէ­տէ։ Բաց աս­տի, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէ ներս ար­տա­յայ­տուած տե­սա­կէտ­նե­րը կը հա­մա­րուին իր մաս­նա­ւոր մօ­տե­ցում­նե­րը։ Շուլց լրագ­րող­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց նաեւ, թէ մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ան­գա­րա­յի եւ Պրիւք­սե­լի ըն­կա­լում­նե­րուն մէջ կան տար­բե­րու­թիւն­ներ։

Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­նին խոր ան­ցեալ մը։ «Երբ վաթ­սուն տա­րին թո­ղած ենք ե­տին, թուրք ազ­գը կ՚ու­զէ տես­նել յա­ռա­ջի­կայ ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սը», ը­սաւ վար­չա­պե­տը ու շեշ­տեց, թէ ներ­կայ նուրբ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ ո­րե­ւէ ճկու­նու­թիւն մտցնել՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ օ­րէնսդ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2016