ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Չինաստան՝ մասնակցելու համար «G-20»ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակին վրայ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը 11-րդն է իր նմաններու շարքին։
Սոյն հաւաքին շրջագծով այս շաբաթավերջին նախատեսուած են Էրտողանի հանդիպումները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ աշխարհի այլ շարք մը յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
Ուղեւորութեան ընթացքին Էրտողանին կ՚ընկերանան Փոխ-վարչապետ Մեհմէտ Շիմշէք, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։