ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Տասը տարի առաջ Օգոստոսին մեզմէ հեռացաւ բանաստեղծուհի եւ հրապարակախօս Սիլվա Կապուտիկեան: Կապուտիկեանը գրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ սիրոյ մասին. ան ամբողջ կեանքը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքին եւ հայրենիքին:
20 Յունուար 2009-ին, բանաստեղծուհիին ծննդեան 90-ամեակին օրը, անոր ապրած բնակարանը արդէն իսկ վերածուած էր տուն-թանգարանի:
Իր կտակով Սիլվա Կապուտիկեան պահանջած էր, որ բնակարանին ընդունարանը, ննջասենեակ-աշխատավայրը եւ հիւրասենեակը պահեն նոյնութեամբ, առանց բան մը աւելցնելու կամ պակսեցնելու…
Կապուտիկեանի կենսագրութեան փոխարէն, այսօր կը ներկայացնենք տուն թանգարանէն լուսանկարներ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան կենսագրական մը:
- Ցուցասրահին առաջին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ՝ կաւէ պտուկ, մետաղեայ տաշտակ, որուն մէջ լոգցեր են թէ՛ նորածին բանաստեղծուհին եւ թէ՛ անոր որդին՝ Արա Շիրազը: Ցուցադրուած է նաեւ կարի մեքենան, որ նուէր ստացած էր մօրմէն. երիտասարդ տարիքին բանաստեղծուհին յաճախ իր գծագրած հագուստները կը կարէր:
- Մահճակալին մօտ գտնուող սեղանին անպայման պէտք է դրուեր քոնիաք, թէյի բաժակներ, միրք եւ քաղցրաւենիք:
- Ցուցասրահին յատուկ շուք կու տայ բանաստեղծուհիին տղուն՝ քանդակագործ Արա Շիրազին կերտած գաճէ կիսանդրին, որուն պրոնզէ տարբերակը զետեղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնը:
Հոս է, որ ամէն առտու Կապուտիկեանը լեղի սուրճ եւ քոնիաք կը խմէր…
- Բանաստեղծուհին արծաթեայ զարդեր կը սիրէր. ան սովորաբար կը կրէր ցուցափեղկին կեդրոնը զետեղուած գեղեցիկ մանեակը:
- Եօթանասունականներուն, երբ կալանաւորեցին Սերկէյ Փառաճանովը, Կապուտիկեան նամակով դիմեց Խորհրդային Հայաստանի գլխաւոր դատարանին:
Այո, ան տարօրինակութիւններ ունի, սակայն կարելի չէ Փառաճանովի պէս մարդ մը բանտարկել ազատ մտածողութեան համար: Ան պէտք է ստեղծագործէ, ան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար», գրած էր ան: Նամակը անպատասխան մնաց, սակայն աւելի ուշ, Փառաճանովի որպէս երախտագիտութիւն գեղեցիկ զարդ մը ուղարկեց Կապուտիկեանին:
- 1963-ին Սիլվա Կապուտիկեան Փարիզի մէջ կը հանդիպի Սիամանթոյի քրոջ: Վերջինս իր եղբօր գրիչը կը նուիրէ բանաստեղծուհիին:
Կոմիտաս Վարդապետի ուրարին մէկ բաժինը Կապուտիկեանին նուիրած է փարիզաբնակ սփիւռքահայ մը. ան երկուքի կիսած է ուրարը եւ մէկ մասը իրեն վերապահած:
- Կապուտիկեանը կերակուր պատրաստել չէր սիրեր, բայց կը սիրէր սեղան յարդարել եւ հիւր ընդունիլ: Անոր սեղանը միշտ առատ էր: Այս սեղանին շուրջ հետաքրքրական հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցած է հայ յայտնի մտաւորականներու հետ:
- Մօրը հանդէպ բանաստեղծուհիին սէրը անսահման էր ու փոխադարձ: Ամէն անգամ, երբ երկար ժամանակով բանաստեղծուհին պիտի բացակայէր տունէն, մայրը շատ ծանր կ՚անհանգստանար: «Մեծնալէս ետք հասկցայ, որ մայրս կ՚անհանգստանար եւ կը մտահոգուէր տունէն մեկնելէս առաջ իսկ…»։
- Տուն-թանգարանին մէջ պահուած են նաեւ բազմաթիւ նուէրներ, զորս բանաստեղծուհին տարեդարձին առիթով ստացեր էր Ամենայն Հայոց Վազգէն Կաթողիկոսէն, Պարոյր Սեւակէն, Աւետիք Իսահակեանէն եւ այլ մտերիմներէ:
Վազգէն Վեհափառին հետ բանաստեղծուհին շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է: Վեհափառն ու Սիլվան ժամանակին դրացիներ եղած են, յաճախ կը հանդիպէին իրարու եւ նուէրներ կը փոխանակէին: Այդ նուէրներէն կը զատորոշուին մետաքսեայ գլխազարդը եւ զարդասեղը:
- Ազատ ժամերուն Կապուտիկեան կը սիրէր ասեղնագործել եւ հագուստներու նմոյշներ գծել: Ան ո՛չ միայն կը գծէր, այլ նաեւ կը կարէր:
- Թանգարան այցելողները անտարբեր չեն կրնար անցնիլ այս լուսանկարին եւ այս տողերուն առջեւէն. այս տողերը ան նուիրած է իր տղուն՝ Արա Շիրազին, որուն հետ բարդ յարաբերութիւններ ունեցած է:
ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՐԴԻՆԵՐԻՆ
Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կըգամ ու կողիդ կը նստեմ երկար,
Վերջապէս կ՚անեմ պատմութիւնը քո,
Ինչպէ՛ս, ինչ գծով դու աշխարհ եկար:
Ես քեզ մեծացրի մենակ ու դժուար,
Ես՝ ըմբոստ հոգի ու նաեւ հլու,
Ես քեզ մեծացրի ուրիշի համար
Ու խոցուած հպարտ կանգնեցի հեռու:
Կըգամ, կը բացեմ վարագոյրը փակ,
Գոռոզ դիմակս մի կողմ կը գցեմ,
Կարօտ կը գրկե՜մ գլուխդ ճերմակ,
Առաջին անգամ դէմդ կը լացեմ:
… Դրսում՝ մի հեռու, օտար երեկոյ,
Դու՝ Երեւանում, ես այստեղ՝ մենակ…
Ես քեզ մօտ կըգամ մեռնելուց յետոյ,
Կը մնամ քեզ հետ ու էլ չե՜մ գնայ…
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան