ՅՈՒՇԵՐ՝ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Բանաստեղծ մը, կարծեմ արաբ, կարդալէ ետք Վահան Թէքէեանի «Մէկ Հատիկըս» բանաստեղծութիւնը, ըսեր է.
«Միւս աչքն ալ հանեցէք որպէսզի նման գեղեցիկ բանաստեղծութիւն գրէ» (ի հարկէ բարբարոսական արտայայտութիւն, սակայն միտք բանին կ՚արդարացնէ), իր դիպուկ ոճով ըսաւ Օննիկ Սարգիսեան աշակերտական օրերուս:
Ուսուցիչ-աշակերտի փոխյարաբերութեան մէջ ես կը շեշտեմ աշակերտին ընդունակութիւնը, սակայն առանց զանցառելու ուսուցիչին կարողութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ: «Իմ մէկ Հատիկըս» իր աչքի կորուստը ունէր քաղաքական պատճառներ. արդ կը յիշեմ այլ դասապահ մը, ուր (անգլերէն լեզուի պահ) դատարանի հարց կար եւ... «կ՚երդնո՞ւս ըսել ճշմարտութիւնը, ամբողջական ճշմարտութիւնը ու ճշմարտութենէն զատ ոչինչ»: Ի՜նչ աղուոր է ամէն մէկուն ի՛ր չափն ու կշիռը տալ առանց յաւելուածի ու զեղչումի...:
Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, որ երդումի կը կարօտի ըսելու համար ինչ որ նշուած է: Այդպէս է: Մարդիկ կը ծածկեն զանազան նկատառումներով այսինչ կամ այնինչ երեւոյթը, եղելութիւնը, խօսքը, եւ այլ բաներ, ինչ որ ընդհանուրին կամ կողմի մը հաճելի կրնայ չթուիլ: Սակայն գլխաւորը՝ գըլ-խատած կ՚ըլլանք ամբողջական ճշմարտութիւնը, որ գոյ է: Եւ անժխտելի:
Ինչո՞ւ ծածկել կամ անցնիլ անտարբեր, եւ երբ այդ խնդրոյ առարկան ալ աչքն է... միա՛յն երկու, ֆիզիքական տեսանկիւնէ...։ Աչքի կարեւորութեան մասին խօսիլ անհեթեթ է... ի զուր չէ, որ գրուած է «Աչքի բիբի պէս զիս պահէ» (Աստուածաշունչ):
Կեանքի մէջ դիտանկիւնը շատ կարեւոր է: Չեմ յիշեր ո՛ր տարին էր, Ալ. Սարուխան Լիբանան հիւր եկած էր ու ելոյթ պիտի ունենար Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ. չէի կրնար փախցնել այս առիթը մանաւանդ այդ շրջանին, երբ արեան երիտասարդական եռքը հանգիստ չէր թողուր, ու ընկերանալով ընկեր Յովհաննէս Աղպաշեանին՝ գացինք... թէ ի՛նչ կը յիշեմ այդ երեկոյէն՝ սա է. «Թէքէեան Թէքէեան կ՚ըսենք, ի՞նչ պիտի մնայ որ... շատ-շատ 15-20 հատ»:
Մեր, «Աղղպաշ»ին ու իմ նայուածքնրը իրար զարնուեցան, մինչ ինք գլխու շարժումով համաձայնութիւն կու տար:
Յաճախ ըսած եմ տուէք ինծի մեծ քերթողի մը լաւագոյն տողը ու ես զայն զգետնեմ... Զարեհ Մելքոնեանական սինիզմով:
Անցնինք Մէկ Հատիկին.-
1915-ին կ՚ընտրուի Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Աղեքսանդրիոյ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Միհրան Տամատեանի հետ կը հիմնէ «Արեւ» երկօրեան, որ պիտի փոխադրուէր յետոյ Գահիրէ:
1916-ին կուսակցական հակամարտութիւններու հետեւանքով, կ՚ենթար-կըւի գիշերային յարձակումի մը ու կը կորսնցնէ լոյսը իր աջ աչքին: (Վահէ-Վահեան, «ԲԵՐՔԱՀԱՒԱՔ»):
Ուստի գրեց.- «Մէկ Հատիկըս»
«Իմ մէկ հատիկըս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ,
Հայելիին ջրհորէն,
......................
Ե՞ս արդեօք քեզ, թէ դուն զիս կը մեղքընանք աւելի,
Երբ զիրար լուռ կը դիտենք...
......................
Իմ մէկ հատի՛կս... ոհ, ինչպէ՜ս սիրտս վրադ կը դողայ,
Երբ կը տեսնեմ քեզմով քեզ.
Քու արցունքո՛վըդ քեզի կը պաղատիմ ես հիմա,
Որ դուն ալ զիս չլքես...:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան