ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 220 ՊԱՆԴՈԿ ՓԱԿՈՒԱԾ Է

2016-ին զբօ­սաշր­ջա­կան մար­զի աշ­խու­ժու­թեան նուազ­ման պատ­ճա­ռով Ե­գիպ­տո­սի մէջ փա­կուած են 220 պան­դոկ­ներ: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, մե­ծա­գոյն կո­րուս­տը կրած է Շարմ Շէյ­խը, ուր աշ­խա­տան­քէ դադ­րած են 54 պան­դոկ­ներ: Մար­սա Ա­լա­մի մէջ փա­կուած են 35 պան­դոկ­ներ, իսկ Հուր­կա­տի մէջ՝ 34: Այս պա­հուն Կար­միր ծո­վու ոչ մէկ զբօ­սաշր­ջա­կան շրջա­նի մէջ ամ­բող­ջա­կան կա­րո­ղու­թեամբ գոր­ծող պան­դոկ մնա­ցած է:

Շարք մը պան­դոկ­ներ դադ­րած են աշ­խա­տելէ Սա­ֆա­քա­յի, Լուք­սո­րի եւ Ա­սուա­նի մէջ: Կը նշուի, որ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հոս­քի մե­ծա­գոյն կրճա­տու­մը կա­տա­րած են Ռու­սաս­տա­նը, Բրի­տա­նիան եւ Ի­տա­լիան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016