Ֆրանսահայ բժիշկներՈՒ բարեսիրական ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան (UMAF) անդամները աւելի քան հինգ հարիւր երախայ հետազօտած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի տարբեր գիւղերու եւ Սիսիան քաղաքին մէջ, ԱԿԲԱ- «Քրետի Ակրիքոլ Պանք»ի աջակցութեամբ իրագործուող բարեսիրական ծրագրի շրջանակին մէջ:
UMAF-ի բժիշկները ամէն տարի երկու անգամ՝ Մայիսին եւ Օգոստոսին, կ՚այցելեն Հայաստան: Մայիսի այցելութեան նպատակը գլխաւորաբար փորձառութեան փոխանակում է:
Անոնք համայնքներու դպրոցներու բժիշկներուն հետ կը բաժնեն երախաներու աչքերու հետազօտման իրենց մեթոտներու գաղտնիքները:
Օգոստոսի այցելութեան ժամանակ ֆրանսահայ բժիշկները իրենց հետ Հայաստան տարած են մեծ թիւով ոսպնեակներ, տարրալուծական եւ ակնաբուժական սարքաւորումներ եւ տեղւոյն վրայ ստուգելով երախաներու տեսողութիւնը՝ հարկ եղած պարագային պատրաստած եւ նուիրած են ակնոցներ:
«Մենք արդէն տասներեք տարիէ ի վեր կու գանք Հայաստան եւ մեր ներդրումը կ՚ունենանք մեր երախաներու առողջութեան պահպանութեան գործին մէջ։ Ծրագիրը փափաքեցանք իրագործել գիւղերուն մէջ, քանի որ հոն աւելի կը զգացուի բժիշկներու եւ սարքաւորումներու կարիքը։ Հիմա թէ՛ բժիշկները եկան, թէ՛ սարքաւորումը բերինք՝ օգտուելով մեր արձակուրդներէն։ Այս տարի ԱԿԲԱ-«Քրետի Ակրիքոլ Պանք»ի աջակցութեամբ մեր խումբի ութ բժիշկներով եկանք Հայաստան՝ մեզի հետ հոս բերելով մեծ քանակութեամբ սարքաւորումներ», բացատրած է Հայաստան ժամանած Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան խումբի ղեկավար Լեւոն Արթինեան: