ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ։ Ներ­կայ էին ԵՄ-ի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան։

Պրա­թիս­լա­ւա­յի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լով Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նշեց, որ ԵՄ-ի Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն ի վեր ան­ցած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Հա­յաս­տան միա­ցած է շարք մը ծրագ­րե­րու։ Հայ­կա­կան կող­մը կ՚ան­կա­լէ նաեւ այս տա­րուան ըն­թաց­քին դառ­նալ «Ստեղ­ծա­գործ Եւ­րո­պա» ծրագ­րի ան­դամ եւ սկսիլ ընդ­հա­նուր օ­դագ­նա­ցու­թեան գօ­տիի հա­մա­ձայ­նագ­րի վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ Նալ­պան­տեան շեշ­տեց նաեւ, որ յա­ջո­ղու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած են Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու չորս փու­լե­րը։ «Յա­ջորդ փու­լը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս ա­միս ու կ՚ակն­կա­լենք մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ա­ւար­տին հասց­նել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ բա­րե­փո­խում­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ա­ռանց­քա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ կը հա­մա­րուին Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Այս ա­ռու­մով հայ­կա­կան կող­մը բարձր կը գնա­հա­տէ Եւ­րո­միու­թեան եր­կար տա­րի­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016