ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ
2018 թուականին կայանալիք ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան ընդառաջ որակաւորման փուլի խաղերը արդէն ընթացքի մէջ են։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը որակաւորման փուլի պայքարին դըժ-բախտաբար սկսաւ պարտութեամբ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 1-0 արդիւնքով։
Հայկական հաւաքականի խմբապետը՝ Հենրիխ Մխիթարեան դժբախտաբար այս խաղին չկրցաւ մասնակցիլ, որովհետեւ վիրաւորուած էր նախօրէին տեղի ունեցած Չեխիա-Հայաստան ընկերական խաղի ժամանակ։ Դանիայի հաւաքականի տարած յաղթանակէն վերջ Հենրիխ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական հաւաքականի իր խմբակիցներու քրտնաջան աշխատանքին համար։ Հենրիխ Մխիթարեան տեղեկացուց, թէ ինք ներկայիս կը դարմանուի ու կը խոստանայ վերադառնալ ա՛լ աւելի ուժեղ։