ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ԲԵՐԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳՕՏԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած «G-20»ի գագաթաժողովին ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ առաջարկը՝ Սուրիայէ ներս 95 քիլօմեթր երկարութեամբ ու 40 քիլօմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու ուղղութեամբ, թռիչքներու փակ ձեւով։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւնները արդէն բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծած են Սուրիոյ մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Էրտողան «G-20»ի գագաթաժողովին ընթացքին կրկնեց անվտանգ գօտի մը ստեղծելու առաջարկը՝ գաղթականաց խնդրին լուծում մը գտնելու տեսանկիւնէն։ Ան ժողովական ղեկավարներու նկատառման յանձնեց իր անհանգստութիւնը՝ աշխարհի յառաջատար երկիրներու անտարբերութեան հետեւանքով։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ իր այս առաջարկը յանձնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատառման։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան հետ Թուրքիա կը ձգտի նման քայլ մը առնել։ Էրտողան շեշտեց, որ ընդհանուր համաձայնութիւն մը ապահովուած է եւ գործընթացը յառաջ կը տարուի այս ձեւով։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ազատ Սուրիոյ բանակը ներկայիս թիրախ ընտրած է Էլ Պապ քաղաքը, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։