ԹԻՄ ՈՒԻԼՍԸՆ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Աւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի 45 -րդ նս­տաշր­ջա­նին Կոլտշ­թէյն հա­մայն­քէն ե­րես­փո­խան ընտ­րուած Թիմ Ո­ւիլ­սըն ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ տեղ­ւոյն ա­ւան­դու­թեան, ան խորհր­դա­րա­նա­կան իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ար­մատ­նե­րուն եւ ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան։ Աւստ­րա­լիոյ մէջ սա ըն­դու­նուած նա­խըն­թաց մըն է։ Թիմ Ո­ւիլ­սըն այս առ­թիւ խօ­սե­ցաւ իր մօր կող­մէ մեծ­հօր մա­սին։ Ան 1915-ի վե­րապ­րած մըն էր ու ո­գեշնչ­ման աղ­բիւր մը ե­ղած իր թո­ռան՝ Թիմ Ո­ւիլ­սը­նի հա­մար։ «Ես զին­քը եր­բեք չտե­սայ, ան մա­հա­ցած է իմ ծնուն­դէն ա­ռաջ։ Սա­կայն ես զին­քը տա­կա­ւին ա­մէն օր կը տես­նեմ, երբ կը նա­յիմ հայ­ե­լիին, կը նա­յիմ ա­նոր սեւ հա­յու աչ­քե­րուն», ը­սաւ Ո­ւիլ­սըն։

Հարկ է նշել, որ Թիմ Ո­ւիլ­սըն Աւստ­րա­լիոյ քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս յայտ­նի է՝ իր որ­դեգ­րած ա­զա­տա­կան հա­յեացք­նե­րով՝ տա­կա­ւին այն ժա­մա­նակ­նե­րէն, երբ կը գլխա­ւո­րէր «Աւստ­րա­լիոյ մար­դու ի­րա­ւանց յանձ­նա­ժո­ղո­վ» կեդ­րո­նը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016