ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էվա Վրայլան, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորեց դեսպանը նոր պաշտօնին բերումով ու մաղթեց յաջողութիւններ։ Զրոյցի տեւողութեան Սարգսեան եւ Վրայլա համակարծիք գտնուեցան, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ունին պատմական խոր արմատներ եւ անոնք մշտապէս բարեկամութեան ու փոխադարձ վստահութեան դրսեւորումներ կ՚ունենան։ Կարեւորուեցաւ նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքին աշխուժացումը, քաղաքական երկխօսութեան զուգահեռ առեւտրատնտեսական կապերու սերտացմամբ բազմաթիւ ոլորտներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան խորացման տեսակէտէ։ Դեսպանը Սարգսեանին փոխանցեց Յունաստանի Նախագահ Փավլոփուլոսի ջերմ ողջոյնները եւ պատ-րաստակամութիւնը՝ փոխադարձ այցելութեամբ Հայաստան մեկնելու մասին։ Արդարեւ, Աթէնքի մէջ հաճոյքով կը յիշեն Սերժ Սարգսեանի այս տարեսկիզբի պաշտօնական այցելութիւնը, որ նոր խթան մը հաղորդեց միջպետական յարաբերութիւններուն։
Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով Հայաստան-Յունաստան համագործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւններուն եւ առկայ մեծ ներուժին։