ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ՎԱՂԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ վաղը պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Ան երկօրեայ շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ։
Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի Անգարա այցելութիւնը կը զուգադիպի Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն։ Սթոլթենպերկ Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արտաքին գոր ծոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը պատրաստուի ընդհանուր քարտուղարին հետ քննարկել Սուրիոյ առկայ իրավիճակը։
Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ գայ նաեւ Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած՝ գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնագիրը եւ անոր գործադրութեան շուրջ ստեղծուած դժուարութիւնները։