61 ՏԱՐԻ ԱՆՑ… ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
6-7 Սեպետմբեր 1955 թուականին պատահած դէպքերուն 61-րդ տարելիցը վերջին օրերուն նշուեցաւ՝ առարկայ դառնալով հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Այս շրջագծով երէկ տեղի ունեցան ոգեկոչման երկու ձեռնարկներ։
Կալաթասարայի հրապարակին վրայ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ ցոյց մը։ Սակաւաթիւ մասնակիցներով այս հանրահաւաքը կազմակերպուած էր «Ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան դէմ DurDe! հարթակ»ին կողմէ։ Ցուցարարները յարգանքով վերյիշեցին 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով տուժածները։ Յանուն կազմակերպիչներուն մամլոյ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Իտիլ Էօկիւթ, որ շեշտեց, թէ դժբախտաբար դարձեալ կը շարունակուի այն մտայնութիւնը, որ կանգնած էր 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու ետին։ Ցուցարարներուն անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ, որ պետութիւնը ներողութիւն խնդրէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով տուժածներէն ու ժամ առաջ կասեցուին ցեղապաշտական ու խտրականական քայլերը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, թէ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ բոլոր քաղաքացիները պէտք է ընդունուին որպէս հաւասար քաղաքացիներ։ Շեշտուեցաւ նաեւ, թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը միատարր ազգ մը ստեղծելու ուղղեալ ծրագրին մաս կը կազմէին։
Իսկ երեկոյեան, 4. Լեւենտի «Քարանլըք իշլէր» սթիւտիոյին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն առթիւ կազմակերպուած ուրիշ ձեռնարկ մը։ 61 տարի անց 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին կազմակերպուած էր ասուլիսի ձեւաչափով երեկոյթ մը։ Լրագրող-հրապարակագիր Ռըտվան Աքարի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին յիշատակներ փոխանցեցին Լաքի Վինկաս եւ Մերի Չեւիք-Սիմիոնիտիս։ Ռըտվան Աքար, որ այս նիւթին վերաբերեալ ծաւալուն հետազօտութիւններ ունի, փաստավաւերագրական ճոխ տեղեկութիւններ փոխանցեց օրուան նիւթին շուրջ։
Ձեռնարկի հետաքրքրական փուլերէն մին էր 6-7 Սեպտեմբերի թալանի մասնակիցներէն մէկուն հետ կատարուած ձայնագրութեան ունկնդրութիւնը։
Երեկոյթի տեւողութեան յունական երաժշտութենէն նմոյշներ մեկնաբանեց մեներգիչ Վասիլիքի Փափաեորկիու։