Ստեփանակերտի Մէջ Ցուցահանդէս
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէն կազմակերպուող արտագնայ ցուցահանդէսներուն ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի մէջ բացուած է «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը. ֆինանսներ բոլորի համար» հերթական ցուցահանդէսը:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայկական հին մետաղադրամները (Տիգրան Մեծի, Արտաշէս Բ.-ի, Կիլիկիոյ, Ռուսական կայսրութեան եւ Սովետական Հայաստանի ժամանակաշրջաններու մանրադրամներ) եւ թղթադրամները, ժամանակակից Հայաստանի բոլոր թողարկումները, ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգի զարգացման պատմութիւնը, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան գործունէութեան վերաբերեալ նիւթեր:
Ցուցահանդէսը առանձնայատուկ է, որովհետեւ անիկա այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու նաեւ Արցախի պատմագրական մեծ արժէք ներկայացնող Ղարաբաղի տարածքին մէջ հատուած մետաղադրամներուն, Լեռնային Ղարաբգբաղի ժամանակակից յուշանուէրային թղթադրամներուն եւ մետաղադրամներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նուիրուած Հայաստանի յուշադրամներուն:
Պատմական իրողութիւններուն զուգահեռ, ամբողջ ձեռնարկի ընթացքին՝ Կեդրոնական դրամատան աշխատակիցներուն կողմէ իրականացած են ելեւմտական կրթման բնոյթի դասընթացքներ, որոնց ծիրէն ներս, մասնակիցներուն տրամադրուած են կրթական նիւթեր, գրքոյկներ՝ ելեւմտական համակարգին կողմէ մատուցուող զանազան ծառայութիւններու վերաբերեալ: Ցուցահանդէսի այցելուները տարբեր խաղերու միջոցով տեղեկացած, թէ ինչպէ՛ս աւելի լաւ կառավարել նիւթական միջոցները, խուսափիլ նիւթական դժուարութիւններէն եւ պաշտպանել սեփական շահերը:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Սեպտեմբերի 13-ը: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն աջակցութեամբ՝ պիտի կազմակերպուին նաեւ դպրոցականներու այցելութիւնները այս հետաքրքրական ցուցահանդէսին:
Միւս կողմէ, Երեւանի դպրոցականները կ՚այցելեն Կեդրոնական դրամատուն եւ կը ծանօթանան անոր գործունէութեան: Կեդրոնական դրամատան այս նախաձեռնութեան նպատակն է նմանատիպ հնարաւորութիւններ ընձեռել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի աշակերտներու եւ բնակիչներու համար: