ԽԱՉՎԵՐԱՑ

Քրիս­տո­սէ ա­ռաջ խա­չը ա­նարգ՝ սոս­կում պատ­ճա­ռող գոր­ծիք մըն էր, ո­րուն վրայ մա­հուան դա­տա­պար­տուած չա­րա­գործ­նե­րը կը քա­ւէին ի­րենց յան­ցան­քը։ Սո­վորա­բար եր­կու կտոր փայ­տէ շինուած գոր­ծիք մըն էր զա­նա­զան դիր­քե­րով, ո­րուն վրայ տա­րա­ծե­լով դա­տա­պար­տեա­լը, կը կա­պէին կամ կը գա­մէին զայն մին­չեւ որ մեռ­նէր. եր­կար ժա­մա­նակ մար­մի­նը խա­չին վրայ կը մնար. ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նէր մօտե­նա­լու եւ ա­սի­կա ան­շուշտ իբր ազ­դա­րա­րու­թիւն մար­դոց, որ­պէս­զի ո­ճիր կամ այլ ծանր յան­ցանք­ներ չգոր­ծեն։ Սա­կայն իբր գթու­թեան նշան վեր­ջին պա­հուն դատա­պար­տեա­լին կը խմցնէին գա­ւաթ մը գի­նի, ո­րուն մէջ խառ­նուած կ՚ըլ­լար տար­բեր խո­տե­րու հիւ­թեր, ո­րոնք թմրու­թեան յատ­կու­թիւն ու­նէին եւ այս­պէ­սով խա­չեա­լը շատ ցաւ չէր քա­շեր։

Մեր Տէ­րը՝ Յի­սուս Քրիս­տոսն ալ խա­չի մա­հով մե­ռաւ. բայց քա­նի որ հո­գե­ւոր փրկու­թիւ­նը եւ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան լրու­մը խա­չին վրայ տե­ղի ունե­ցաւ, խա­չը դար­ձաւ քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քի յատ­կա­նի­շը, տե­սակ մը ա­նոր խորհր­դա­նի­շը։

Քրիս­տո­նեայ մար­դը սկսաւ խա­չի նշա­նով կնքուիլ. ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նէութեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բե­րեալ ա­մէն բան սկսաւ ո­րո­շուիլ խա­չի նշա­նով ու այս­պէ­սով խա­չը դար­ձաւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­մե­նէն նուի­րա­կան պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կան։ Խա­չե­ցեալ Քրիս­տո­սը միա­ձու­լուած եւ նոյ­նա­ցած է խա­չին հետ. քա­նի որ խա­չը դար­ձաւ մեր հո­գե­ւոր փրկու­թեան նշա­նը. ա­նի­կա այդ լու­սա­տու կնքուած գոր­ծիքն է, ինչ որ իր հե­տե­ւորդ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն սրտին մէջ մշտա­վառ լապտեր դար­ձաւ։ Ե­կե­ղե­ցին յա­նուն Քրիս­տո­սի սկսած է պա­տուել ու պաշ­տել խա­չը, զայն կո­չե­լով Սուրբ ու պա­տուա­կան եւ Ս. Խա­չը  ըն­դու­նած՝ իբր միջ­նորդ եւ բա­րե­խօս Աս­տուա­ծոր­դոյն ա­ռաջ։

«Եւ վասն խա­չի քո պա­տուա­կա­նի, Տէր ըն­կալ զա­ղա­չանս մեր եւ կե­ցո զմեզ». ու­րիշ ա­ղօթք մը եւս խա­չի վրայ թա­փուած սուրբ եւ փրկա­գործ ա­րեան շնոր­հիւ եւ ան­կէ շնոր­հուած ո­ղոր­մու­թեան հայց­մամբ «Ս. Խա­չիւս ա­ղա­չեմք զՏէր. զի սո­վաւ կե­ցուս­ցէ զմեզ ի մե­ղաց»։­

Այս տե­սու­թեամբ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղե­ցին տա­րին չորս անգամ յի­շա­տա­կու­թիւ­նը կ՚ը­նէ Ս. Խա­չին, զա­նոնք մե­ծա­գոյն գլխա­ւոր տօ­նե­րուն մէջ դա­սե­լով՝ Վա­րա­գայ Խաչ, Ե­րեւ­ման Խաչ, Գիւտ Խաչ եւ Խաչ­վե­րաց կամ Խաչի Վե­րաց­ման տօ­նը, որ մեր հինգ գլխա­ւոր տա­ղա­ւար­նե­րէն մէկն է։

Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին առ­թիւ պի­տի ու­զէինք պար­զել խա­չի տօ­նե­րուն շար­ժա­ռիթ հան­դի­սա­ցող պատ­ճառ­նե­րը ու ա­նոնց վե­րա­բեր­մամբ կա­տա­րուած դի­պուած­նե­րը ու յի­շա­տակ­նե­րը, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ վա­ւե­րա­կան պատ­մու­թեան հա­մե­մատ։

Ա­ռա­ջին ա­ւան­դու­թիւ­նը կը յի­շուի, որ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայ­րը, որ ա­ռա­ջին ե­պիս­կո­պո­սը ե­ղաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի։ Ա­ռա­ջին ան­գամ խա­չա­փայ­տը ձեռք առ­նե­լով եւ վեր բարձ­րաց­նե­լով ցոյց տուած է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, իբր պա­տուե­լի նշան ու պաշ­տա­մուն­քի  ա­ռար­կայ Քրիս­տո­սի հո­գե­ւոր փրկու­թեան, եւ իբր միակ յի­շա­տա­կը քրիս­տո­նեա­նե­րուն ձգուած մեր Տի­րոջ եր­կինք համ­բառ­նա­լէ յե­տոյ։ Նոյն ա­ւան­դու­թիւ­նը կ՚ը­սէ նաեւ, թէ Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայ­րը խա­չը բարձ­րա­ցու­ցած ա­տեն ը­սած է «Խա­չի քո երկր­պա­գեմք» ա­ղօթ­քը։ Բայց այս­տեղ վստահ չենք, թէ Տեառ­նեղ­բօր ցու­ցադ­րա­ծը Քրիս­տո­սի խա­չա­փա՞յտն էր, թէ ոչ ա­նոր նման շի­նուած խաչ մը զայն խորհր­դան­շող, եւ կամ ալ բուն խա­չա­փայ­տէն առ­նուած կտոր մը։

Չոր­րորդ դա­րու կէ­սե­րուն լու­սե­ղէն խաչ մը հրա­շա­լի կեր­պով ե­րեւ­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Ձի­թե­նեաց լե­ռնէն մին­չեւ Գող­գո­թա­յի գա­գա­թը. այս հրաշ­քը տե­ւեց մի քա­նի ժա­մեր. ա­սի­կա մեծ սրտապն­դում եւ քա­ջա­լե­րանք ե­ղաւ ե­րու­սա­ղէ­մաբ­նակ քրիս­տո­նեա­նե­րուն ու կ՚ը­սուի, թէ մօտ 100 հա­զար հե­թա­նոս­ներ այս հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թին պատ­ճա­ռաւ քրիս­տո­նեայ մկրտուե­ցան։

Ժա­մա­նա­կա­կից Ե­րու­սա­ղէ­մի Կիւ­րեղ Ե­պիս­կո­պո­սը այս մա­սին տե­ղեակ պա­հեց քրիս­տո­նէու­թեան կեդ­րոն­նե­րը, ու դէպ­քին մա­սին նա­մակ մըն ալ գրեց Կ. Պո­լիս, Կոս­տան­դին կայ­սեր եւ ա­սոր ի յի­շա­տակ հաս­տա­տուե­ցաւ Ե­րեւ­ման Խա­չի տօ­նը՝ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ։ Մեր ե­կե­ղե­ցին այս տօ­նը կը կա­տա­րէ Ս. Զա­տի­կէն չորս շա­բաթ վերջ Յի­նուն­քի մէջ եւ այս առ­թիւ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը կար­դա­ցուի Ս. Կիւ­րեղ Ե­պիս­կո­պո­սի Կոս­տան­դին կայ­սեր ղրկած գի­րը։

Երկ­րոր­դը տե­ղի ու­նե­ցաւ երբ գտնուե­ցաւ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը Դ. դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, 327 թուին. Կոս­տան­դին կայս­րի մօր Հե­ղի­նէ դժխուհ­ւոյն շնոր­հիւ։

Ինչ­պէս վե­րեւ յի­շե­ցինք, խա­չին վրայ մեռ­նո­ղին մար­մինն ու խա­չը եր­կար ժա­մա­նակ կը մնար կա­ռափ­նա­տե­ղիին վրայ. ա­սի­կա պե­տա­կան օ­րէնք մըն էր ու ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կէր կամ ի­րա­ւուն­քը ու­նէր մօ­տե­նա­լու ա­նոր։ Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ յի­շուած է, թէ Յով­սէփ Ա­րեւ­մա­թա­ցին  մաս­նա­ւոր ար­տօ­նու­թիւն խնդրեց ու հրա­ման ա­ռաւ Պի­ղա­տո­սէն, Յի­սու­սի մար­մի­նը  թա­ղե­լու հա­մար։

Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ ալ Յի­սու­սի  խա­չա­փայ­տին մա­սին մաս­նա­ւոր յի­շա­տա­կու­թեան մը չենք հան­դի­պիր։

Ադ­րիա­նոս կայս­րը Բ. դա­րուն, երբ գրա­ւեց ու ա­ւե­րեց Ե­րու­սա­ղէ­մը, Աստ­ղի­կի ար­ձա­նը կանգ­նեց Գող­գո­թա­յի վրայ, իսկ Ար­մա­զիի ար­ձանն ալ՝ Քրիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նին վրայ։

Այդ շրջա­նէն շատ ա­ռաջ հրեա­նե­րը Քրիս­տո­սի եւ եր­կու ա­ւա­զակ­նե­րուն խա­չա­փայ­տե­րը նե­տած էին փո­սի մը մէջ ու աղ­բով ծած­կած զա­նոնք։ Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մո­ռա­ցու­թեան են­թարկ­ուած եւ աղ­բա­նոց դար­ձած էր այդ վայ­րը։

313 թուին Մի­լա­նո­յի հրո­վար­տա­կով Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան մէջ ար­տօ­նու­թիւն տրուե­ցաւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ա­զատ կեր­պով պաշ­տել ի­րենց նոր կրօն­քը, ու Ե­րու­սա­ղէմ դար­ձաւ ուխ­տա­վայր։ Հե­ղի­նէ դշխու­հին երբ ուխ­տի գնաց Ե­րու­սա­ղէմ, սկսաւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քել ու պրպտում­ներ ը­նել խա­չա­փայ­տը գտնե­լու հա­մար։ Խստու­թեամբ հե­տապն­դել սկսաւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կրնա­յին տե­ղե­կու­թիւն տալ խա­չե­րու մա­սին։ Ի վեր­ջոյ Յու­դա ա­նու­նով հրեայ մը, որ ա­ւան­դու­թեան ծա­նօթ ու հմուտ անձ մըն էր, ցոյց տուաւ Գող­գո­թա­յի տե­ղը։ Հե­ղի­նէ շու­տով բա­նուոր­ներ բե­րել տուաւ ու աղ­բե­րուն վրայ ոս­կի թա­փե­լով պե­ղել տուաւ այդ վայ­րը, ուր իս­կա­պէս մի քա­նի օր ետք գտնուե­ցան ե­րեք խա­չե­րը. բայց ան­շուշտ ոչ մէ­կը կրցաւ հասկ­նալ, թէ ո՛ր մէկն էր Յի­սու­սի խա­չը։ Հե­ղի­նէ ու իր հե­տե­ւորդ­նե­րը ծուն­կի ե­կած մեծ հա­ւատ­քով ա­ղօ­թե­ցին Աս­տու­ծոյ, որ­պէս­զի հրաշ­քով մը ցոյց տար բուն խա­չա­փայ­տը։ Եւ պա­տա­հե­ցաւ հրաշ­քը. ի­րենց ա­ղօ­թած պա­հուն սգա­կիր թա­փօր մը կ՚անց­նէր այդ­տե­ղէն՝ մե­ռած պա­տա­նիի մը մար­մի­նը տա­նիլ թա­ղե­լու հա­մար։ Հե­ղի­նէ հրա­մա­յեց մե­ռե­լին մար­մի­նը գե­տին դնել ու սկսան խա­չե­րը ա­նոր վրայ դնել. երբ եր­րորդ խա­չը դրին, մե­ռած պա­տա­նին յա­րու­թիւն ա­ռաւ ու այս հրաշ­քէն ճանչ­ցուե­ցաւ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը։ Հե­ղի­նէն ու իր հե­տե­ւորդ­նե­րը, յա­րու­ցեալ պա­տա­նին ու իր ծնող­քը, հրեա­ներն ու հե­թա­նոս­նե­րը երկր­պա­գու­թիւն ը­րին Ս. Խա­չա­փայ­տին ու ա­նոնց­մէ շա­տեր քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նե­ցին։ Յու­դա հրեան, յե­տոյ դար­ձաւ Կիւ­րեղ Ե­պիս­կո­պոս։ Ա­սի­կա չշփո­թել հա­մա­նուն Ե­րու­սա­ղէ­մի Կիւ­րեղ Ե­պիս­կո­պո­սին հետ։ Ան քրիս­տո­նեայ դառ­նա­լուն հա­մար հա­լա­ծուե­ցաւ, տե­սակ-տե­սակ չար­չա­րանք­նե­րու են­թա­կայ ե­ղաւ, ի վեր­ջոյ զինք ե­ռա­ցած ձէ­թի մէջ նե­տե­ցին ու այս­պէ­սով մա­հա­ցաւ, իր մայ­րը՝ Ան­նան ալ խա­չի վրայ մա­հա­ցաւ։

Ս. Խա­չա­փայ­տը ցոյց տրուե­ցաւ Պա­ղես­տի­նի շատ մը շրջան­նե­րուն մէջ ու ան­կէ ետք խա­չա­փայ­տը մա­սունք­նե­րու վե­րա­ծուե­ցաւ ու բաժ­նուե­ցաւ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։ Գիւտ Խա­չի այս տօ­նը Հայց. Ե­կե­ղե­ցին կը յի­շա­տա­կէ Հոկ­տեմ­բեր ամ­սոյն 22-29 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ։

Գիւտ Խա­չը կա­պուած է հա­ւա­տա­ցեալ ու բա­րե­պաշտ Հե­ղի­նէ դշխոյն ա­նուան։ Ե­կե­ղե­ցին Ա­նոր կը պար­տի այս հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թը։ Հե­ղի­նէն Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ մե­հեան­նե­րը քան­դել տա­լով ա­նոնց տեղ ե­կե­ղե­ցի­ներ շի­նել տուաւ։ Ա­նոր շնոր­հիւ է, որ գտնուե­ցաւ Քրիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նը, ո­րուն վրայ կա­ռու­ցուե­ցաւ Հե­ղի­նէի շի­նել տուած ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն փա­ռա­ւո­րա­գոյ­նը, որ Ս. Յա­րու­թեան տա­ճարն է։

Խա­չի եր­րորդ նշա­նա­ւոր տօնն է Խաչ­վե­րա­ցը, ո­ր ինչ­պէս յի­շե­ցինք վե­րեւ, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն տօ­նե­րէն է ու հինգ տա­ղա­ւար­նե­րէն մէկն է։ Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը հաս­տա­տուած է խա­չի վե­րա­դար­ձը փա­ռա­ւո­րե­լու եւ ա­նոր զօ­րու­թիւ­նը պան­ծաց­նե­լու։

610 թուին -ըստ ո­մանց 625-ին- Պար­սից Խոս­րով Բ. Փա­րուիզ թա­գա­ւո­րը յար­ձա­կե­ցաւ Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան վրայ մեծ վնաս­ներ պատ­ճա­ռե­լով ա­նոր. իր զօ­րա­վար­նե­րէն Խո­ռեմ՝ յա­ռա­ջա­ցաւ մին­չեւ Պա­ղես­տին ու գրա­ւեց Ե­րու­սա­ղէ­մը. հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նեց քա­ղա­քը, ա­ւե­լի քան յի­սուն հա­զար հո­գի ջար­դուե­ցան պար­սիկ­նե­րու կող­մէ, ու իբր մեծ ա­նար­գանք քրիս­տո­նեա­նե­րուն, Յի­սու­սի խա­չա­փայ­տը գե­րի վեր­ցու­ցին ու զայն Պարս­կաս­տան տա­րին։ Յոյ­նե­րու Հե­րակլ կայս­րը (610-641) մի քա­նի տա­րի վերջ իր բա­նակ­նե­րը վե­րա­կազ­մե­լով յար­ձա­կե­ցաւ պար­սիկ­նե­րուն վրայ։ Հե­րակլ կայ­սեր բա­նա­կին մաս կը կազ­մէին Հա­յաս­տա­նի յու­նա­կան բաժ­նի մէջ ապ­րող հայ­կա­կան գուն­դե­րը՝ Մժեժ Գնու­նիի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Պա­տե­րազ­մը եր­կար տե­ւեց, եր­կու կող­մերն ալ բուռն, կա­տա­ղի կեր­պով կռուե­ցան եւ ի վեր­ջոյ կայս­րը կրցաւ նուա­ճել Պարս­կաս­տա­նը, ո­ր ս­տի­պուե­ցաւ խա­ղա­ղու­թեան դա­շինք կնքել։ Դաշ­նա­գի­րին ա­ռա­ջին պայ­մանն էր խա­չա­փայ­տի վե­րա­դար­ձը։ Հե­րակլ խա­չա­փայ­տը առ­նե­լով Կա­րի­նի վրա­յով նախ տա­րաւ Կ. Պո­լիս ու ան­կէ խա­չը փո­խադ­րուե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէմ։ Փո­խադ­րու­թեան ըն­թաց­քին ա­մէն տեղ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ եւ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։

Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ կ՚ը­սուի, թէ պար­սիկ­նե­րը զղջա­ցին խա­չը վե­րա­դարձ­նե­լով եւ մի քա­նի զօ­րա­գուն­դեր կազ­մե­լով հե­տապն­դե­ցին խա­չը տա­նող զօր­քե­րը։ Կա­րի­նի մէջ լեռ­նա­յին շրջա­նէ մը ան­ցած ա­տեն երբ յա­ռա­ջա­ցող զօր­քը կը տես­նէ պար­սիկ­նե­րուն մօ­տե­նա­լը, խա­չը կը հա­նեն լե­րան գա­գա­թը ու կը թա­ղեն զայն հարթ հո­ղա­մա­սի մը մէջ։ Եր­կու կող­մէ զի­նեալ բա­խում­նե­րէ ետք, պար­սիկ­նե­րը յաղ­թուե­լով խոյս կու տան. իսկ յաղ­թա­կան կող­մը խա­չը պա­հուած տե­ղէն առ­նե­լով իր ճամ­բան կը շա­րու­նա­կէ։

Կ՚ը­սուի, թէ խա­չին ե­լած տե­ղէն կը սկսի հո­սիլ վտակ մը, ո­րուն ջու­րը բու­ժիչ յատ­կու­թիւն ու­նէր ու ջու­րին համն ալ քաղցր էր։ Այդ լե­րան ստո­րո­տը հե­տա­գա­յին հա­յե­րը վանք մը շի­նած են Խաչ­վանք ա­նու­նով, որ դար­ձած էր ուխ­տա­տե­ղի։

Չոր­րոր­դը՝ Վա­րա­գայ Խաչ։

Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի ժա­մա­նակ Հռիփ­սի­մեան կոյ­սե­րը Հա­յաս­տան ե­կան։ Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ կ՚ը­սուի, թէ Ս. Հռիփ­սի­մէ կոյ­սը ազ­նուա­կան ծա­գում ու­նէր եւ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տէն կտոր մը նուէր ստա­ցած էր՝ Հռո­մի Պատ­րո­նի­կէ կայս­րու­հիին կող­մէ, զոր միշտ, յարատեւ կոյսը իբր թան­կա­գին յի­շա­տակ իր կուրծ­քին վրայ կը պա­հէր։

Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, թէ Հռիփ­սի­մեանք հա­լա­ծուե­լով Հռո­մի Դիոկ­ղե­տիա­նոս կայս­րէն, Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նե­ցան, բայց անոնք հոն ալ հա­լա­ծան­քի են­թար­կուե­ցան։

Այս հա­լա­ծանք­նե­րու ըն­թաց­քին Ս. Հռիփ­սի­մէ իր կուրծ­քին վրայ պա­հուած խա­չը հե­թա­նոս­նե­րու ձեռ­քը չանց­ը­նե­լու հա­մար զայն կը պա­հէ Վա­րա­գայ լե­րան ժայ­ռե­րու խո­ռո­չի մը մէջ։ Ս. Հռիփ­սի­մեանց նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք կը կար­ծուէր, թէ խա­չա­փայ­տը կոր­սուած է։ Բայց ա­նոնց նա­հա­տա­կու­թե­նէն մօտ 350 տա­րի ետք, այ­սինքն 653 թուին, Թո­դիկ ա­նու­նով ճգնա­ւոր մը եւ իր հե­տե­ւոր­դը՝ Յո­վէլ, ո­րոնք այդ շրջա­նին մէջ կը ճգնէին ու շա­րու­նակ ա­ղօթ­քով կ՚ան­ցը­նէին ի­րենց ժա­մա­նա­կը, գի­շեր մը Վա­րա­գայ լե­րան վրայ տե­սան մեծ լոյս մը, որ ժայ­ռի խո­ռո­չէն դուրս կը ժայթ­քէր ու տաս­ներ­կու հատ լու­սա­ւոր սիւ­ներ կը շրջա­փա­կէին ժայ­ռը։ Այս­պէ­սով գտնուե­ցաւ Ս. Խա­չի մա­սուն­քը ու այն­տեղ կա­ռու­ցուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի մը ու կո­չուե­ցաւ Մայ­րա­վանք. իսկ տաս­ներ­կու սիւ­նե­րուն տեղ ալ տար­բեր տան­սեր­կու ե­կե­ղե­ցի­ներ շի­նուե­ցան։ Այս հրա­շա­լի դէպ­քին ի յի­շա­տակ, այն ժա­մա­նա­կուայ կա­թո­ղի­կո­սը՝ Ներ­սէս Շի­նող, հաս­տա­տեց Վա­րա­գայ Խա­չի տօ­նը։ Սա­կայն այս դէպ­քը Հա­յաս­տա­նի մէջ պա­տա­հե­լուն, միայն Հայց. Ե­կե­ղե­ցին է, որ կը տօ­նէ զայն Վե­րաց­ման Խա­չէն տասն­հինգ օր ետք ե­կող Կի­րա­կի օ­րը։

Ա­ռանց խա­չի խոր­հուր­դին ան­կա­րե­լի է ըն­դու­նիլ եւ ըմբռ­նել քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քը։ Խա­չով կը յայտ­նուի Աս­տու­ծոյ ան­հուն սէ­րը եւ զո­հա­բե­րու­թեան ո­գին մեր փրկու­թեան հա­մար։ Ա­նոր սի­րոյ ու ներ­ման նուի­րա­կան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րու մարմ­նա­ցումն է Քրի­ստո­սի աս­տուա­ծա­յին հա­մա­մարդ­կա­յին եղ­բայ­րու­թեան կրօն­քը։

«Առ խաչդ ու ե­տե­ւէս ե­կուր», ը­սաւ մեր Փրկի­չը. ու խա­չը ա­մէն տեղ է մեր կեան­քին մէջ։ Ան մեր ներ­քին հո­գե­կան աշ­խար­հը լու­սա­ւո­րող փա­րոսն է, այն է որ մեզ պի­տի տա­նի այն փառ­քին ճամ­բէն, ուր­կէ մեզ­մէ ա­ռաջ ու մե­զի հա­մար ան­ցաւ մեր Փրկի­չը։ Խա­չի խորհր­դա­նի­շը կեան­քի ու յա­րու­թեան յաղ­թու­թեան վսեմ փրկա­րար զօ­րու­թեան խորհր­դա­նիշն է։

Մեր ազ­գը շատ հին օ­րե­րէն կա­պուե­ցաւ խա­չին ու Խա­չեա­լին։ Հե­տե­ւե­ցաւ Յի­սու­սի հա­ւա­տար­մօ­րէն մին­չեւ ա­րիւ­նոտ գող­գո­թան։ Հա­ւա­տաց Փրկի­չին, Ա­նոր Յա­րու­թեան եւ ան­մա­հու­թեան խոս­տու­մին, իր ա­մե­նէն տա­ռա­պան­քի օ­րե­րուն միշտ ա­նով ներշն­չուած, լու­սա­ւոր ջա­հի մը պէս իր առ­ջե­ւէն տա­րաւ զայն։ Տա­ռա­պե­ցաւ, հա­լա­ծուե­ցաւ բայց եր­բեք չու­րա­ցաւ զայն։ Հա­յու­թիւ­նը խա­չին մէջ տե­սաւ քա­ջու­թեան ու կեան­քի նպա­տա­կը, մխի­թա­րուե­ցաւ ա­նոր կեն­սա­տու հո­վա­նիին տակ. ու դա­րեր շա­րու­նակ եր­գեց ա­նոր փառ­քը։

Փառք Ս. Խա­չիդ ա­լէ­լուիա
Խա­չե­ցեա­լիդ ա­լէ­լուիա

ԳԱ­ԼՈՒՍՏ ՔՀՆՅ. ԴԱՐ­ԲԻ­ՆԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2016