ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԸ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԱՇԽՈՅԺ
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ամէն տարի շուրջ 200 հազար թերթ փաստաթուղթ կը թուայնացուի։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց՝ թէ մօտաւոր հաշուարկներով 350 միլիոն փաստաթուղթ ի պահ դրուած է իրենց մօտ։ Իւրաքանչիւր փաստաթուղթ կրնայ բաղկացած ըլլալ մէկ կամ աւելի էջերէ։ Այդ բոլորի փորձնական թուայնացումը սկսած է 2004 թուականին։ Իսկ բուն աշխատանքները կը տարուին 2010 թուականէն ի վեր։ Տնօրէնը ընդգծեց, որ թուայնացման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները նուիրուած են բարերարներու կողմէ, որոնք գիտակցած են այդ բոլորի կարեւորութեան։
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս կը թուայնաց-ւին նաեւ լսատեսողական առարկաներ։ Այս տարի ընթացքի մէջ են վաւերագրական ժապաւէններու թուայնացման աշխատանքները։ «Մենք չենք վերացներ որեւէ թուղթէ առարկայ, պարզապէս աւելի կիրառելի կը դարձնենք զանազան փաստաթուղթերու թուայնացեալ տարբերակները», ըսաւ տնօրէնը։
Միւս կողմէ, Վիրաբեան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբաթ Ազգային արխիւէն ներս յոբելենական ցուցահանդէս մը պիտի բացուի՝ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ։