ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Ան­տի­րու (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցան Ռու­սաս­տա­նի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան ծրագ­րուած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով։

Ե­րէկ, Մոս­կուա­յի մէջ միջ­նորդ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ռուս նա­խա­րարն ու միջ­նորդ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քին։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը։

Միւս կող­մէ, Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զիր նա­խըն­թաց օր Փա­րի­զի մէջ ըն­դու­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վը։ Քննար­կուե­ցան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի եր­կա­րա­տեւ ու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րը։ Տե­զիր եւ Մա­մէ­տեա­րով շօ­շա­փե­ցին նաեւ Ատր­պէյ­ճան-Ֆրան­սա եւ Ատր­պէյ­ճան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016