ՄԵՐ ՈՒԶԱԾԸ ԱՌԻՆՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Գերմանիա Թուրքիոյ ակնկալութիւններուն ընթացք տուած է՝ Պունտեստակի կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւի հարցին շուրջ։ Ըստ նախարարին, գերման խորհրդարանականները պիտի կարենան այցելել Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ «Խորհրդարանին կողմէ իբր թէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ առնուած որոշման պատճառով այդ արտօնութիւնը չտուինք։ Բայց թոյլտուութեան համար մեր կողմէ յառաջ քշուած պայմանը յայտնի էր։ Գերմանիան ալ այդ պայմանը կատարեց։ Յայտարարութիւն մը կատարելով շեշտեց, թէ այդ որոշումը ինչո՛ւ գործադրութեան մէջ պարտադիր ուժ չունի։ Այդ յայտարարութիւնը կրնայ օրինակ, ուղեցոյց ծառայել աշխարհի վրայ բոլորին, մանաւանդ ալ խորհրդարաններուն համար։ Այսինքն, ցեղասպանութիւնը իրաւական սահմանում մըն է ու ոչ թէ քաղաքական։ Ասոր համար անհրաժեշտ է դատարանի մը վճիռը։ Այս առումով Գերմանիա ընթացք տուաւ մեր ակնկալութեան», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Տեսան, որ Թուրքիոյ պարագային ի զօրու չէ այն հասկացութիւնը, թէ իրենք կրնան իրենց ուզածը ընել ու իրենց ուզածն ալ առնել։ Այսինքն հասկցած եղան, թէ Թուրքիոյ հանդէպ չեն կրնար քմահաճ վերաբերմունք մը ցոյց տալ։ Բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք Թուրքիոյ ուղղեալ դրական քայլ մը կ՚առնեն, մենք ալ կ՚ընենք նոյնը։ Մենք ալ հաշտ աչքով կը դիտենք՝ մարդու պէս վարուող բոլորը։ Այլապէս, հակառակ մտածողներուն ալ անհրաժեշտ պատասխանը կու տանք»։
Իր կարգին Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրն ալ գոհունակութիւն յայտնեց այս որոշման առընչութեամբ։ Գերմանիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան անդամ երեսփոխանները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելել Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Այս թոյլտուութեան առթիւ Շթայնմայէր հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը ու նշեց, թէ թրքական կառավարութեան սոյն որոշումով դէպի յառաջ քայլ մը եւս առած եղան։
Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, կը ծրագրուի, որ ամսավերջին Շթայնմայէր այցելէ Թուրքիա։