ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի հա­մար մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­ված մար­զիկ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը մե­ծա­րուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն այս առ­թիւ 1 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ բնա­կա­րան­ներ նուի­րեց Ար­թուր Ա­լիք­սա­նեա­նին եւ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նին, ո­րոնք ոս­կի եւ ար­ծաթ մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­վե­ցին երկ­րին հա­մար։

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ներ­կա­նե­րը ջերմ հա­մակ­րան­քի եւ գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին դափ­նե­կիր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, դափ­նե­կիր մար­զիկ­նե­րուն ա­ռըն­թեր պար­գեւ­ներ յանձ­նեց նաեւ ա­նոնց մար­զիչ­նե­րուն եւ մար­զա­կան բնա­գա­ւա­ռի բազ­մա­թիւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Սերժ Սարգ­սեան պար­գե­ւատ­րեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նը։

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան ճոխ յայ­տա­գիր մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016