ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԲԺԻՇԿՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, որոնք վերջին շրջանին այցելեցին Հայաստան։ Մասնագէտներու այս խումբը կը գլխաւորէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեան։ Ընդունելութեան ընթացքին Տքթ. Պէրպէրեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց բժիշկներու այցելութեան նպատակները։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդի զաւակներուն այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ մասնաւորապէս ընդգծելով, որ քրիստոնէութեան ընդունումով ուղեւորուած է հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքը։ Ան շեշտեց հայոց եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ գոյութեան պահպանութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն եւ անոր կողմէ ներկայ պայմաններով ծաւալուող հովուական ծառայութեան։ Նորին Սրբութիւնը աղօթեց, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետութիւններուն ու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները միշտ մնան ջերմ ու բարեկամական։
Հանդիպման տեւորութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց հիւր բժիշկներու հարցումներուն ու վերջաւորութեան արդիւնաւոր ծառայութիւն մաղթեց անոնց։