«ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ երէկ բացուեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ-2016» տօնավաճառը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսացաւ բացման արարողութեան պատուոյ հիւրը։ Մինչեւ 22 Սեպտեմբեր պիտի շարունակուի այս տօնավաճառը, որու հիմնական նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի արդիւնաբերութեան ներուժը, զարգացման հնարաւորութիւնները եւ նպաստել նոր շուկաներու բացայայտման։
Աւանդական այս ծրագրին մասնակցութիւն կը բերեն աւելի քան 300 ընկերութիւններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն սնունդի, ոսկերչութեան, ոգելից ըմպելիներու արտադրութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան, հանքարդիւնաբերութեան, շինարարութեան, ճշգրիտ մեքենաշինութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ։ Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ գործարար պատուիրակութիւններ՝ զանազան երկիրներէն, որոնք Հայաստանի տնտեսութեան համար հեռանկարային շուկաներ կը համարուին։
Սերժ Սարգսեան տօնավաճառի բացման շրջայց մը կատարեց տաղաւարներով, տեսաւ մասնակից ընկերութիւններու արտադրանքը, ծանօթացաւ ծառայութիւններուն եւ զրուցեց ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ զարգացման ծրագրերու շուրջ։