ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

30 Ապ­րիլ 1911 թուա­կիր Հայ Մա­մու­լի մէջ կը հան­դի­պինք հե­տաքրք­րա­կան հա­տուած­նե­րու՝ ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն՝ բաղ­դա­տե­լու եզր մը՝ ան­ցեա­լի դէպ­քե­րը եւ ներ­կան։ Ուս­տի, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, ներ­կան լաւ հասկ­նա­լու հա­մար, պէտք է ա­տեն ա­տեն նա­յիլ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

«ՏԱ­ՃԱՐ» իր 30 Ապ­րիլ 1911 թուա­կիր թի­ւին մէջ «Ազ­գա­յին Կեան­քը» խո­րագ­րով կ՚անդ­րա­դառ­նայ հե­տե­ւեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

- Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ո­րո­շում­նե­րը.- Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը, Կէ­տիկ փա­շա­յի Տ. Գա­լուստ Քա­հա­նան, որ Ա­ւագ Ուր­բաթ օ­րը ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րի­տա­սարդ մը ապ­տա­կած էր, վէ­ճի բռնուած էր Ա­ւա­գե­րէ­ցին հետ բարձր ձայ­նով՝ եւ Զա­տկին Գ. օրն ալ (եր­րորդ օ­րը) օ­րուան ժա­մա­րա­րը ար­գի­լած էր պա­տա­րա­գե­լէ, ե­րեք ամ­սուան փի­լո­նազր­կու­թեան դա­տա­պար­տեց։ Իսկ Ա­ւա­գե­րէց Տ. Ե­ղիա Քա­հա­նան ալ յան­դի­մա­նել ո­րո­շեց իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը պա­հել չկա­րե­նա­լուն հա­մար։

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը կար­գա­զուրկ հռչա­կեց Հայ-Հռով­մէա­կա­նու­թե­նէ դար­ձած Շի­րի­նեան Վար­դա­պե­տը, իր գայ­թակ­ղե­լի ա­րարք­նե­րուն հա­մար։

*

Էջ­միած­նի Սի­նօ­դին հրա­հանգ տրուած է Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Տե­ղա­կալ Ար­քե­պիս­կո­պո­սին կող­մէ, շրջա­բե­րա­կան­նե­րով պա­տուի­րել վի­ճա­կա­յին կոն­սիս­տո­րիա­նե­րուն որ այ­սու­հե­տեւ ա­մուս­նա­լու­ծա­կան գոր­ծե­րու քննու­թեան ժա­մա­նակ նկա­տի առ­նեն եւ քննեն, թէ՝ ա­մու­սին­նե­րը քա­նի՞ մանչ եւ քա­նի աղ­ջիկ զա­ւակ ու­նին, եւ ո՞վ պի­տի հո­գայ զա­նոնք մին­չեւ չա­փա­հա­սու­թիւն։ Այս կէ­տը ստի­պո­ղա­բար պէտք է յի­շա­տա­կուած ըլ­լայ Սի­նօ­դին մա­տու­ցա­նե­լիք զե­կու­ցագ­րին մէջ։

*

Տա­ճատ Ոս­կա­նեա­նի հա­մար, եր­բեմ­նի վար­դա­պետ, որ կար­գա­զուրկ ըլ­լա­լէ վերջ գրե­թէ մու­րաց­կա­նու­թեամբ կ՚ապ­րէր, լսուե­լով որ կրօ­նա­փոխ պի­տի ըլ­լայ, շրջա­բե­րա­կա­նով մը զե­կու­ցուե­ցաւ ա­նոր կար­գազր­կու­թիւ­նը եւ ա­տոր շար­ժա­ռիթ­նե­րը, հարկ ե­ղա­ծը գրուե­լով նաեւ Կրօ­նից Տես­չին։

Միւս կող­մէ Տա­ճատ Ոս­կա­նեան Պատ­րիար­քա­րա­նի բո­ղո­քած է, թէ ա­ռանց զինք լսե­լու եւ դա­տե­լու, ի՞նչ­պէս՝ մէ­կուն-միւ­սին պա­հանջ­ման վրայ դա­տա­պար­տած են զինք. հե­տե­ւա­պէս ար­դա՛ր ո­րո­շում մը կը պա­հան­ջէ։

*

Սե­բաս­տիա­յէն Ա­ռաջ­նորդ Թոր­գոմ Ե­պիս­կո­պոս կը գրէ, թէ Ապ­րիլ 9-ի շա­բաթ օ­րը խժդժօ­րէն եւ վա­տա­բար սպան­նուած են Յով­հան­նէս Քէլ Օ­հան­նէ­սեան եւ եղ­բայ­րը՝ Խա­չօ։

Սպան­նիչ­նե­րուն խստիւ պատժուե­լուն հա­մար Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը ազ­դուօ­րէն բո­ղո­քած է Կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ։

*

Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան հիմ­նար­կու­թեան հին­գե­րորդ տա­րե­դար­ձը տօ­նուե­ցաւ նա­խորդ կի­րա­կի Գա­հի­րէի մէջ շքեղ դաշ­տա­հան­դէ­սով մը, ո­րուն «քլուն» կազ­մեց մե­ծա­տա­ղանդ ե­րաժշ­տա­գէտ Կո­մի­տաս Վար­դա­պետ՝ Ա­ղեք­սանդ­րիա­յէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րուած։

Վար­չա­կան Ժո­ղո­վի տե­ղե­կագ­րէն կը հասկ­ցուի, թէ՝ ամ­բողջ դրա­մագ­լու­խը, որ 1910 Մարտ 1-ին 14.590 Ե­գիպ­տա­կան ոս­կի էր, Դեկ­տեմ­բեր 31-ին բարձ­րա­ցած է 21.519 Ե­գիպ­տա­կան ոս­կիի՝ 15.109-ը հիմ­նադ­րա­կան դրա­մագ­լուխ՝ ան­ձեռնմ­խե­լի՛։

Հիմ­նար­կու­թե­նէն ցայ­սօր Միու­թիւ­նը 16.106 ոս­կի նպաստ բաժ­նած է, ո­րուն 1.795-ը վեր­ջին շրջա­նին, ո­րու մի­ջո­ցին բա­ցուած են 20 գիւ­ղա­յին նա­խակր­թա­րան­ներ, բաց ի այն որ­բե­րէն՝ ո­րոնց թի­ւը 60 է, զոր կը պա­հէ իր ծախ­քով Կի­լի­կիոյ մէջ։

Միու­թեան ան­դամ­նե­րու թի­ւը՝ որ 1910 Ապ­րիլ 30-ին 2117 էր, Դեկ­տեմ­բեր 31-ին հա­սած է 3147-ի, 450 Ե­գիպ­տա­կան ոս­կի ամ­սավ­ճա­րով։

Միու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն թի­ւը 31-էն բարձ­րա­ցած է 61-ի։

*

Եւ դար­ձեալ, «ՏԱ­ՃԱՐ»ի 21 Մա­յիս 1911 թուա­կիր թի­ւին մէջ կը կար­դանք հե­տե­ւեալ­նե­րը։

Դեր­ջա­նէն կը գրեն Պատ­րիար­քա­րան թէ Խում­լար գիւ­ղը ութ տա­րիէ ի վեր ան­հո­վիւ մնա­ցած ըլ­լա­լով, մկրտու­թեան եւ թաղ­ման հան­դէս­նե­րը ա­ռանց ա­րա­րո­ղու­թեան կա­տա­րուած են։ Ուս­տի հո­գե­ւոր պաշ­տօ­նեայ մը կը խնդրեն։

*

Խաս­թէ­խա­նէ Խան-ի խնդի­րը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ շու­տով կար­գադ­րե­լու հա­մար, Վար­չա­պետ Հագ­-գը փա­շա յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րեր է Էվ­գա­ֆի պաշ­տօ­նա­տան։

*

ՊԷ­ՏԷ­ԼԱ­ԹԸ ԱՍ­ՔԷ­ՐԻ­ՅԷԻ ՊԱ­ԳԱ­ՅԱ­ՆԵ­ՐԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

Օս­մա­նեան Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վին Դշ­.ի (Չո­րեք­շաբ­թի) նիս­տին մէջ, յետ կար­ճա­տեւ վի­ճա­բա­նու­թեան ըն­դու­նուե­ցաւ օ­րի­նա­կան յօ­դուած մը՝ ո­րով կը նե­րուին եւ կը ջնջուին ոչ-իս­լամ­նե­րու զի­նուո­րա­կան տուր­քէ պարտ­քե­րուն մնա­ցորդ­նե­րը՝ ո­րոնք կը հաս­նին 1.800.000 ոս­կիի գու­մա­րի մը։

*

Տ. Յով­սէփ Ե­պիս­կո­պոս Սա­րա­ճեան, որ Վա­նայ հո­գե­ւոր հո­վիւ կար­գուած էր Վար­չու­թեան կող­մէ, Բշ. օր (Եր­կու­շաբ­թի) Պո­լիս հա­սաւ եւ ուղ­ղա­կի «Օ­թէլ Պրիս­դօլ» ի­ջաւ։

Տե­ղա­պահ Սրբա­զա­նը, նոյն օ­րը Տ. Տրդատ Քա­հա­նան ղրկեց «բա­րի գա­լուստ» մաղ­թե­լու եւ հրա­ւի­րեց զինք Պատ­րիար­քա­րան, յայտ­նե­լով որ Ե­րու­սա­ղէ­մա­տան մէջ պատ­րաս­տու­թիւն տես­նուած է զինք հի­ւըն­կա­լե­լու հա­մար։

«Ա­մե­րի­կա­հա­յը մեծ կո­րուստ մը ը­րաւ Սա­րա­ճեան Սրբա­զա­նի մեկ­նու­մո­վը», կը գրէ Նիւ-Եոր­քէն թղթա­կից մը։

*

Տքտ. Թի­րեա­քեան Խան, հմուտ բա­նա­սէր եւ գիտ­նա­կան ու ճար­տար բժիշկ, ծա­նօթ մա­նա­ւանդ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ, հան­րու­թեան մօտ իր ու­նե­ցած օգ­տա­շատ գոր­ծու­նէու­թեամբ, Բշ. օ­րը (Եր­կու­շաբ­թի) մայ­րա­քա­ղաքս հա­սաւ Ֆրան­սա­յէն՝ ուր կը գտնուէր ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր։

*

Ա­մե­նա­պա­տիւ Տ. Ե­ղի­շէ Ս. Ար­քեպս. Դու­րեան-ի 2000 ղրշ. ամ­սա­թո­շակ յատ­կա­ցուած է Կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, իբ­րեւ նա­խորդ Պատ­րիարք, յա­ռա­ջի­կա­յին ա­ւել­ցուե­լու մտադ­րու­թեամբ, երբ պիւտ­ճէն նե­րէ։

*

Հրդեհ Ե­րու­սա­ղէ­մի Վան­քին Մէջ.-

Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Սմբատ Ծ. Վրդ. Գա­զա­զեա­նի հա­սած հե­ռա­գիր մը կը ծա­նու­ցա­նէ՝ թէ Բշ. գի­շեր ժա­մը 1-ին հրդեհ ծա­գեր է Ս. Յա­կո­բայ տա­ճա­րին մօտ Ս. Ստե­փան­նո­սի մա­տու­ռէն, ա­նու­շադ­րու­թեան հե­տե­ւանք, բայց բա­րե­բախ­տա­բար շու­տով ա­ռաջքն առ­նուեր է եւ Ս. Յա­կո­բի տա­ճա­րը չէ վնա­սուեր։ Նիւ­թա­կան վնա­սը 1000 ոս­կի կը հա­շուուի։

*

Ե­գիպ­տա­հա­յե­րը ի­րենց ազ­գա­սի­րու­թեան գործ­նա­կան ա­պա­ցոյց մը տուին դար­ձեալ, Գալ­ֆաեան Որ­բա­նո­ցի Մայր՝ Քրիս­տի­նէ Մայ­րա­պե­տի նպաս­տա­հա­ւա­քու­թեան հա­մար ը­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւո­րե­լով 28.421 ղրշ­.ի նպաս­տով մը՝ ո­րուն 18.332-ը Գա­հի­րէի ազ­գա­յին­նե­րէն, 7.222-ը Ա­ղեք­սանդ­րիա­յէն, եւ 2.867-ը ու­րիշ գա­ւա­ռա­յին քա­ղաք­նե­րէ։

*

Պէ­շիկ­թա­շի Գան­ձա­նա­կի Մասնա­խում­բին հրա­ւէ­րով քա­րո­զիչ Գեր. Տ. Հրանդ Վար­դա­պետ Յո­վա­սա­փեան ան­ցեալ կի­րա­կի օր պա­տա­րա­գեց թա­ղին Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

- Պա­տեհ ա­ռիթ­նե­րով կը շա­րու­նա­կուի…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 5 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016