ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կը գտնուի Նիւ Եոր­քի մէջ, տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան Ճօ Պայ­տը­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ։ Դռնփակ հան­դի­պու­մը տե­ւեց շուրջ մէ­կու­կէս ժամ։ Թէ՛ Էր­տո­ղա­նի եւ թէ Պայ­տը­նի կող­քին էին բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճօ Պայ­տըն վե­րա­հաս­տա­տեց իր ան­խախտ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ ի նպաստ Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան։ Ան դրուա­տեց թուրք ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը՝ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։ Ճօ Պայ­տըն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յի­շե­ցուց, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն կը հա­մա­րէ ՓՔՔ-ն։ Պայ­տըն շեշ­տեց, թէ հեր­թա­կան ան­գամ կը պա­խա­րա­կէ ՓՔՔ­-ի կող­մէ թուրք անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն եւ քա­ղա­քա­յին­նե­րուն վրայ գոր­ծուած յար­ձա­կում­նե­րը։

Էր­տո­ղան եւ Պայ­տըն քննար­կե­ցին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման ոչն­չաց­ման ուղ­ղեալ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան շրջագ­ծէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման խնդի­րը։ Նե­րա­ռեալ Սու­րիոյ հրա­դա­դարն ու Կիպ­րո­սի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, զրու­ցա­կից­նե­րը շօ­շա­փե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Պայ­տըն կանգ ա­ռաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ճօ Պայ­տըն շեշ­տեց նաեւ, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը պատ­րաստ է նե­ցուկ կանգ­նե­լու՝ Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016