ԵՌԱԳՈՅՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նը ե­րէկ նշուե­ցաւ պատ­մա­կան փա­ռա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով։ Հա­մայն հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը ե­րէկ կեդ­րո­նա­ցած էր Ե­րե­ւա­նի վրայ։ Օ­րուան սկիզ­բին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Ե­ռաբ­լու­րի նա­հա­տա­կաց պան­թէո­նը, ուր յար­գան­քի տուրք մա­տոյց հա­յոց նո­րա­գոյն ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած հե­րոս­նե­րուն։ Ներ­կայ էին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ար­ցա­խի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն բա­զում դէմ­քեր։

Ա­ւե­լի վերջ, Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին ձօ­նուած զօ­րա­հան­դէ­սը։ Ար­տա­կար­գօ­րէն խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ ժո­ղովր­դա­կան հոծ մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս զի­նուո­րա­կան տո­ղանց­քը։ Հայ­կա­կան բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շա­րուած էին հրա­պա­րա­կին վրայ ու տո­ղան­ցե­ցին՝ պան­ծաց­նե­լով ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կը։ Զօ­րա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սերժ Սարգ­սեան։ Ան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տան ի զօ­րու է պաշտ­պա­նե­լու իր ի­րա­ւունքն ու ան­կա­խու­թիւ­նը։ «21-րդ դա­րուն մենք չենք փո­խած մեր ա­զա­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Զօ­րա­հան­դէ­սէն վերջ նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի հան­դի­պու­մը՝ սփիւռ­քա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ էին նաեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը, Բա­կօ Սա­հա­կեան եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն զա­նա­զան դէմ­քեր։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ Հա­մա­հայ­կա­կան խոր­հուր­դի ձե­ւա­ւոր­ման գա­ղա­փա­րը։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն այս ան­գամ ամ­բողջ երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ Մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին վրայ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ան­կա­խու­թեան սե­րունդ» խո­րագ­րեալ տօ­նա­կան հա­մերգ մը։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծուե­ցաւ այս ան­մո­ռա­նա­լի ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին։ Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն բազ­մա­թիւ յայտ­նի դէմ­քեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ձեռ­նար­կի ծրագ­րին։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին Նա­խա­գահ Սերգ­սեան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։ Ան ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դը հա­մա­րեց Հա­յաս­տա­նի մե­ծա­գոյն ձեռք­բե­րու­մը եւ ը­սաւ. «Կեց­ցէ՛ այն Հա­յաս­տա­նը, որ վա­ղը պի­տի գայ»։ Սերժ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով՝ եր­կի­րը կ՚ըն­թա­նայ ար­դար աշ­խա­տան­քի, ար­դար վաս­տա­կի եւ ճշմար­տու­թիւ­նը ը­սե­լու ճա­նա­պար­հով։ «Մեր հարս­տու­թիւ­նը մեր հա­սա­րա­կու­թիւնն է։ Ինչ­քան լաւ բան, որ կայ մեր երկ­րին մէջ, ը­րած է նոյ­նինքն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցին, ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն, թէ ո՛վ ե­ղած է իշ­խա­նու­թեան ղե­կին», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան ու շեշ­տեց, թէ եր­կի­րը բա­րե­փո­խում­նե­րու նոր ու ա­րագ փու­լի մը մէջ մտած է։ «Ե­թէ ամ­բողջ ազգ մը կ՚ու­զէ նո­րո­գել իր տու­նը, ա­պա կրնայ ը­նել այդ բա­նը։ Մե­զ ոչ ոք կրնայ խան­գա­րել այդ ճա­նա­պար­հին, իսկ նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը պի­տի դառ­նայ այդ ու­ղիին լու­սա­ւոր, վառ փա­րո­սը», նշեց Սերժ Սարգ­սեան ու մաղ­թեց խա­ղաղ եր­կինք ու նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ ի փառս երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին։

Օ­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մեծ հրա­վա­ռու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­ներ շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ ու­ղար­կե­ցին Սերժ Սարգ­սեա­նին։ Ա­նոնց կար­գին կը գտնուին Ռու­սաս­տա­նի, Ֆրան­սա­յի, Գեր­մա­նիոյ, Չի­նաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Էն­տո­նե­զիոյ, Ղա­զա­խիս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը, Ճա­բո­նի կայս­րը, Պել­ժիոյ թա­գա­ւո­րը եւ այլք։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016