ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏ

Այս մէ­կը հե­քիաթ չէ, հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա­յի բար­քե­րէն ալ չէ, այլ պա­տա­հած է հետս ու ըն­թաց­քը ա­ւար­տած չէ տա­կա­ւին. Կը յու­սամ միջ­նորդ մը գտնել եւ խն­­դի­րը կար­գադ­րել:

Սկսինք: Քա­նի որ մարդ ա­րա­րա­ծը բա­ւա­րա­րուիլ չի գի­տեր, մեր փոք­րիկ տու­նէն քիչ մը ա­ւե­լի մեծ տուն փո­խադ­րուիլ ու­զե­ցինք, փնտռե­ցինք, վերջ ի վեր­ջոյ գտանք: Ու­րեմն ծա­նօ­թի մը հետ, որ տան­տի­րոջ ալ ծա­նօթ կ­՚ըլ­լար, ձե­ւով մը իբ­րեւ միջ­նորդ գա­ցինք տան­տի­րոջ խա­նու­թը: Ըն­թաց­քին խօ­սակ­ցու­թե­նէ ետք, տան­տէ­րը հարց տուաւ. «Պա­րո­նին ամ­սա­կա­նը քա­նի՞ է», ը­սի հա­րիւր յի­սուն ոս­կի է, այդ ալ ձե­զի պի­տի տայ: Ան­շուշտ քիչ մը տա­րօ­րի­նակ թուաց պա­տաս­խանս, այ­լա­պէս ին­չո՞ւ թէ՛ տան­տէ­րը, թէ՛ մեր «միջ­նորդ» բա­րե­կա­մը քիչ մը շար­ժում­ներ պի­տի ը­նէին: Ա­ւելց­նե­լով ը­սի. «Ե­թէ ամ­սա­կանս հա­զար ոս­կի է եւ այդ ալ զա­նա­զան տե­ղե­րէ պի­տի տրա­մադ­րեմ ու քե­զի ո­չինչ մնաց, ի՞նչ օ­գուտ է...»։ Քիչ մը եւս խօ­սակ­ցու­թե­նէ ետք ը­սաւ. «Դուն ուր­եմն պսկլէթ-ճիին տղա՞ն ես... բա­րի ե­կար» ե­ւայլն ու ա­մէն ինչ սպա­սուած ա­նուշ­ութ­եամբ ա­ւարտ­ե­ցաւ: Իր­ենք՝ տանտ­էրն ու տիկ­ին­ը զա­ւակ չուն­էին, մենք ուն­էինք երկ­ու փոքր­իկն­եր: Տար­ին­եր­ու ըն­թաց­քին ձեւ­ով մը ե­ղած էինք «մէկ ըն­տա­նիք»: Եւ ինչպ­էս կեան­քին օ­րէնքն է տանտ­էր­ը հանգչ­ե­ցաւ ի Տէր, մնաց տիկ­ին­ը ու այդ ալ, մի քան­ի տար­ին­եր ապ­րել­է ետք, իր ա­մուսն­ոյն հե­տե­ւե­ցաւ: Մեր յար­կա­բա­ժին­ը նու­ի­րած էր եկ­եղ­եց­իին: Մինչ այդ ինք ա­ռա­ջար­կեց, որ տուն­ը գնեմ, հա­մա­ձայն­ե­ցանք... եւ վարձքս այդ օր­եր­ու գի­նով, երկ­ու հար­իւր քա­ռա­սուն ին­ը հա­զար էր: Բայց ե­կուր տես, որ պե­տա­կան պաշ­տօ­նե­ան, վարձ­քի ար­ժէ­քի (ի­մը­դ դա­՚ա­ժիր) այն­պէս մը գին է դրեր, որ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի­ն (պա­լա­տի­յէ­) պէտք է վճա­րէ­ի ե­րե­ք հա­րիւր քսան­հի­նգ հա­զար... ան­շուշտ տա­րե­կան տուրք:

Այ­սինքն, ա­ւե­լի քան տան վարձքս էր...։­

Եւ դեռ ար­դա­րու­թի­՞ւն կը խօ­սուի­, կամ յա­րա­նուա­նու­թի­ւննե­րու գո­յակ­ցու­թի՞ւն...։

­Նախ­կին աշ­խա­տած ը­նկե­րու­թի­ւնս ալ այլ տե­սակ չէ­ր, չէր կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ շուրջ հինգ հա­րի­ւր պաշ­տօ­նե­ա­ներ կա­յի­ն, զա­նա­զան... եւ ա­մէ՛ն տե­սակ յա­րա­նուա­նու­թե­նէ­, կրօ­նէ­, կու­սակ­ցու­թե­նէ ու շա­րե­ցէ­ք այ­լեւս: Հոս Լի­բա­նան է... գրած էի, թէ այս ը­նկե­րու­թի­ւնը դրախտ է՝ գայլն ու գառ­նու­կը կ՚ապ­րին միա­սին:

Հայրս Ա­ղեք­սանտ­րէ­թէ­ն հոս գաղ­թած է­ր, բայց եր­բեք չէր կրցած հաշ­տուի­լ Լի­բա­նա­նի ի­րա­կա­նու­թեան հե­տ: Ես հո­ս եմ ծնած... ո­չի­նչ կայ փո­խուած հօ­րս եւ իմ դիր­քո­րո­շու­մէ­ն:

Հոս կե­նամ ի­մ հայ­կա­կան ան­կեղ­ծու­թեամբս ինչ­պէ­ս նաե­ւ՝ ին­ծի ոչ յա­տուկ զսպուա­ծու­թե­ամբ:

Ի յար­գանս այ­լոց...։

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016