ՔՍԱՆՀԻՆԳԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ (գ)
Այն ժամանակ գործընթացը կը կոչուէր՝ 5+1 ձեւաչափ. 5-ը՝ ԱՄՆ-ը, Ռուսաստանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը, գումարած Մինսքեան խմբակի խորհրդաժողովը, որուն ղեկավարն էր իտալացի դիւանագէտ՝ Մարլէն Ռաֆայէլ, եւ այս շրջանակներուն մէջ տարուած բանակցութիւններ տեղի ունեցան: Այդ շրջանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար դիւանագէտ՝ Հիքմէթ Չեթին այցելեց Մոսկուա, հանդիպեցաւ ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան: Մոսկուայէն վերջ ան ուղղուեցաւ Պաքու, հանդիպեցաւ ատենի նախագահ Էլչիպէյի հետ, նոյնիսկ ռուսերը եւ թուրքերը կը յայտարարէին, որ միացեալ պատուիրակութեամբ այցելութիւն պիտի տային Երեւան, Պաքու կամ նոյնիսկ՝ Ստեփանակերտ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէր թրքական կողմին բանակցային գործընթացներու մասնակցելու մասին՝ մտածելով, որ թրքական ներգրաւուածութիւնը աւելի օգտակար է, քան անոր չմասնակցիլը: Թուրք եւ ռուս պատասխանատուներու վերջին հանդիպումը համընկեցաւ Քելպեճէրի գործողութեան: Հայերը մտան Քելպեճէր եւ թուրքերը այդ բոլորէն հրաժարեցան: Ապրիլի 2-ին, անոնք փակեցին Հայաստանի հետ սահմանը: Վերջին հացահատիկով գնացքի եւ ինքնաշարժի մեկնումին հետ, Թուրքիան փակեց Հայաստանի հետ կիսաբաց դուռը: Ինչպէս գիտենք, այն ատեն Հայաստան հացի խնդիր ունէր, 100000 թոն հացահատիկը պէտք է Թուրքիայէն գար: Շատեր մինչեւ հիմա կը կարծեն, որ Թուրքիայէն 100000 թոն հացահատիկ եկած է, բայց իրականութեան մէջ 58000 թոն եկած է, որովհետեւ միւս հատուածին թուրքերը փակեցին սահմանը եւ սպասուած բեռը Հայաստան հասաւ ոչ թէ Թուրքիոյ վրայով, այլ Պաթումէն: Այս մանրամասնութիւնը հե-տաքրքրական է: Նշեմ նաեւ, որ Թուրքիայէն Հայաստան մուտք գործած 52000 հացահատիկին 6000-ը Սուրիոյ Նախագահ Հաֆըզ Էսատին կողմէ Հայաստանին տրամադրուած օգնութիւնն էր:
Թուրքիա ներգրաւուած եղած է, այսօր ալ կրնայ ըլլալ, աւելի՛ն, երբ սկսաւ «ֆութպոլի դիւանագիտութիւն»ը, ան մանրամասնօրէն կը տեղականար այդ բանակցութիւններուն մասին: Ու այսօր ալ եթէ Թուրքիան իրական ցանկութիւն ունի տարածքաշրջանին մէջ որոշակի դրական քամիներ ուղարկել դէպի Կովկաս, կը կարծեմ, որ իր ամենաճիշդ քայլը կ՚ըլլայ Հայաստանի հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բանալ սահմանը:
Շատերուս համար աներեւակայելի կը թուի, որ Բաղրամեան պողոտայի կամ Երեւանի որեւէ կեդրոնի մէջ կամ յատկապէս Սախարովի հրապարակին վրայ, որովհետեւ մինչեւ 1923-ը այնտեղ էր Հայաստանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը, շքեղ տուներէն մէկուն վրայ թրքական դրօշը բարձրանայ: Շատերուս համար աներեւակայելի է, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Թուրքիոյ դեսպանատուն ըլլալ եւ դրօշ բարձրացնել: Այս մէկը միայն առաջին օրուան համար է, սակայն յետոյ սովորական երեւոյթ կը դառնայ: Մեզի համար աներեւակայելի էր, երբ թրքական դրօշով նախկին նախագահ Կիւլի օդանաւն ու շքախումբը իջաւ Արարատի ստուերի տակ, մեզի համար աներեւակայելի էր որ նախագահներ՝ Սարգսեանն ու Կիւլը իրարու ձեռք սեղմեն: Շատ շուտ անոնք ալ սովորական կը դառնան։ Ամէն ինչ տեղէ մը պէտք է սկսի: Ես կողմնակից եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները հաստատուին, որովհետեւ այս ձեւով Հայաստանի անկախութիւնը աստիճան մը եւս կը բարձրանայ ու մենք կ՚ունենանք առնուազն երեք դրացիներ, որոնց հետ կապեր կը հաստատենք, եւ այդ կը տանի Ռուսաստանի ազդեցութենէն որոշակի ձերբազատման: Ի հարկէ, մենք կը շարունակենք մնալ Ռուսաստանի «ճանկերուն» մէջ, որովհետեւ ուրիշ ճանապարհ չունինք։ Բայց եթէ կ՚ուզենք աւելի ամրապնդել մեր անկախութիւնը, չենք կրնար ունենալ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն երկու թըշ-նամական պետութիւն, եւ ըսել որ մենք անկախ պետութիւն ենք: Այս բոլոր պատճառներուն համար շատ կարեւոր է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կազմակերպումը եւ այդ շատ կարեւոր ներդրում մը կ՚ըլլայ Հայաստանի անկախութիւնը վերիմաստաւորելու եւ արժեւորելու, ինչպէս նաեւ՝ իրական անկախութիւն ունենալու համար:
-Յարգելի Թաթուլ, շատ լաւ պատուհանէ մտար այս թեմային: Ինչպէս գիտես եւ ականատես եղած ես, «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» օրերուն ամբողջ սփիւռքը բորբոքեցաւ: Սփիւռքի համար ցայսօր ալ Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման կամ յարաբերութիւններու կարգաւորման որեւէ փորձ առանց որոշ նախապայմաններու կտրականապէս մերժելի է: Այս բոլորին առընթեր պիտի ուզէի որպէս լրագրող ձեզի դիմել, հարց տալով այն մասին, թէ Հայաստանի ժողովուրդին մօտեցումը Թուրքիոյ ու թուրք ժողովուրդին հանդէպ ի՞նչ էր քսանհինգ տարի առաջ եւ ի՞նչ է այսօր: Արդեօք բան մը փոխուա՞ծ է գետնի վրայ, առանց հարցին խառնելու Ատրպէյճանը, որովհետեւ իմ կարծիքով, պէտք է զատորոշենք Պաքուն Անգարայէն:
-Կը դժուարանամ ըսել, որ այսօր Հայաստանի մէջ հակաթրքականութիւն կայ: Այն ժամանակ կը յիշեմ, որ լրատուամիջոցներու մէջ շատ ուժեղ հակաթրքականութիւն չկար, ատելութիւն չկար, նոյնպէս հիմա, այս ձեւով կը բացատրեմ այդ, եթէ Հայաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ ատելութիւն ունենար, ապա ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ անցնող քսանհինգ տարիներուն ընթացքին որեւէ թուրք չէ սպաննուած Հայաստանի մէջ: Հազարաւոր թուրքեր եկած-գացած են հոս, որպէս զբօսաշրջիկներ կամ լրագրողներ, չեմ յիշեր դէպք մը, որ այդպէս եղաւ, կրնայ ըլլալ այս օրինակը շատ նախնական է, բայց շատ փաստացի, որ Հայաստանի մէջ թուրք մը սպաննած ըլլան, չկայ այդպիսի դէպք, չեմ յիշեր: Նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ այնպիսի դէպք չէ եղած, բացայայտօրէն սպաննեն քանի որ հայ է, ճիշդ է, որ եղած են սպանութիւններ, սակայն ոչ որովհետեւ որ պարագան հայ է, կրնամ սխալած ըլլալ, բայց չեմ յիշեր այդպիսի բան:
Այն ժամանակ ոգեւորութիւն կար որ Հայաստանը իրապէս անկախ պետութիւն կը դառնայ, եւ բոլոր երկիրներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ: Այդ մէկը օր-ւան իշխանութեան օրակարգի թիւ մէկ խնդիրն էր: Երբ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դարձաւ փաստացի առաջնորդ, 1990 թուականի Օգոստոսին, դառնալով խոր-հըրդարանի նախագահ եւ երկրի առաջնորդ, անոր հիմնական հարցազրոյցներուն ու ելոյթներուն, ինչպէս նաեւ վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի ելոյթներուն մէջ շեշտուած է, թէ՝ «մենք պէտք է Թուրքիոյ հետ հաստատենք յարաբերութիւններ եւ շատ կարեւոր է անոնց հետ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ»: 1990-ի աշնան Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ամերիկա իր այցի շրջանականերուն մէջ երբ կը հանդիպէր ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, բացայայտօրէն կը նշէր, որ Հայաստանի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ մշակելն ու զարգացնելը կարեւոր է մեզի համար: Եւ այդ մասին եղած յայտատարութիւնները մեծ աղմուկ բարձրացուցին:
Ամենամեծ աղմուկը բարձրացաւ, երբ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի թաղման, 1993 թուականի Ապրիլին: Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ ընդհանուր դրական մթնոլորտ մը կար: Ու հակառակ անոր, որ ՀՅԴ կտրականապէս դէմ էր այդ մօտեցումին, երկրի այդ օրերու բոլոր արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումներ կ՚ունենային իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ: Այս առունով պէտք է նշեմ Վահան Փափազեանի անունը, որ բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց իր թուրք գործընկերներուն հետ: Նոյն քաղաքական վարքը շարունակեց նաեւ Ալեքսանտր Արզումանեան, իսկ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, որ շատ կարճ ժամանակով զբաղեցուց երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Իսթանպուլի մէջ ունեցած ժողովի մը ընթացքին հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըրած յայտարարութիւններուն համար պաշտօնանկ եղաւ: Վերադառնալով Փափազեանին, ան իր պաշտօնավարման երեք տարիներուն ընթացքին, երբ Թուրքիոյ մէջ շատ արագ ձեւով բազմաթիւ արտաքին գործոց նախարարներ կը փոխուէին, կը հասցնէր բոլորին հետ ալ հանդիպում ունենալ, ինչպէս՝ Չեթինի, Չիլլէրի, Քարաեալչընի եւ Սոյսալի հետ: Թուրքիա ունէր բոլոր պատճառները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, բայց այդ չըրաւ:
Վերադառնալով հարցումին՝ կը կարծեմ պէտք է ըսեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան շուրջ եղած երիտասարդութիւնը որոշակի չափով կը սրսկուի հակաթրքականութեամբ եւ հակատրպէյճանական զգացումներով : Կը հասկնամ, որ այդ պատասխանն է Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած ատելավառ քարոզչութեան, բայց մեր մօտ եղածը ես սխալ կը համարեմ: Պէտք չէ հայ երիտասարդները ատելութեամբ «դաստիարակել»:
Ես որեւէ դրական գնահատական չտալով Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հասցէին՝ կրնամ ըսել, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով ան կատարած է խիզախ քայլեր, նոյնիսկ հակադրուելով սփիւռքին եւ «դաւաճան»ի պատկեր ներկայանալով : Ու որքան ալ Սերժ Սարգսեանի եւ իր վարչախումբի Թուրքիոյ հանդէպ քաղաքականութիւնը փոխուած ըլլայ, բաւարար է, որ Թուրքիան քայլ մը կատարէ եւ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ 180 աստիճան միանգամայն կը փոխուի, եւ այն մարդիկ, որոնք մինչ այդ Թուրքիոյ դէմ կը խօսէին, կը սկսին հայ-թրքական յարաբերութեանց կարեւորութեան եւ երկու երկիրներու համերաշխութեան մասին ջատագովել, ինչպէս կը խօսէին «Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլ»ի ստորագրման օրերուն: Այստեղ ուշագրաւ օրինակ մը տալու համար յիշեմ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը, որ Հայաստան-Թուրքիա խաղէն առաջ իր դրօշին վրայէն հանեց Արարատ լեռը եւ անոր փոխարէն դրաւ ոտնագնդակ մը, որ ինքնին խայտառակութիւն մըն էր: Ուրիշ մը ծաղկած խնձորենին ցոյց տուաւ, որպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու նշանաբան, այն պարագային, երբ հայոց մօտ աշնան ծաղկած խնձորենին չարիքի նշան է:
Այս ամէնը պէտք է ձգել մէկ կողմ, եւ իրատեսօրէն, սառնասրտօրէն մօտենալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ի վերջոյ Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարուան շեմին լաւ չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա չունենան յարաբերութիւններ:
-Իր անկախութեան 25-րդ տարեդարձին ո՞ւր կ՚երթայ երկիր Հայաստանը:
-Ցաւօք, Հայաստան կ՚երթայ դէպի Մոսկուա, Հայաստան կը զիջի իր դիրքերէն ու կը տուժէ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ամենէն կարեւորը հոգեբանական առումներով։ Երբ Ատրպէյճան յարձակողական դիրքերու վրայ է եւ Թուրքիա կը շարունակէ մեր նկատմամբ քաղաքական հակառակութիւն ցոյց տալ, մեր փրկութիւնը կրկին ռուսերու գիրկը երթալն է: Այս մօտեցումը, բնականաբար, շատ վտանգաւոր է։ Այո՛, մենք քաղաքական, տնտեսական ռազմական առումով աւելի կը մօտենանք ռուսերուն, անոնց վերահսկողութեան տակ կը մտնենք, բայց ամենավտանգաւորը, որ հայերը սկսած են մտածել, թէ իրենց իսկական փրկութիւնը ոչ թէ դժուար ճանապարհով դրացիներու հետ լեզու գտնելն է, այլ գտնելն է երրորդ կողմ մը, որ մեզ պէտք է փրկէ թուրքերու եւ ազէրիներու հնարաւոր յարձակումներէն: Այս բոլորը վտանգաւոր են այն մտավախութեամբ, թէ օր մը ռուսերը կրնան թողել ու հեռանալ, եւ եթէ այդ սպառնալիքը մեր դրան մօտենայ եւ մենք կրկին անպաշտպան մնանք թուրքերու եւ ազէրիներու առջեւ:
-Ի՞նչ պէտք է ընել այս իրավիճակը դարմանելու համար:
-Շատ մեծ հարցում է: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչ պէտք է ընել, բայց գիտեմ, որ պէտք է արթննալ, պէտք է մտածել, ամէն ինչ ընել, որպէսզի այս վիճակը երկար չտեւէ: Գիտեմ, որ իշխանութիւնները դիւրին վիճակի մէջ չեն։ Միւս կողմէ, երբ ունիս այս վիճակը, վստահ իշխանութիւններն են մեղաւորը։ Բայց եւ այնպէս, վստահ չեմ, որ իշխանութեան մէջ բոլորը համոզուած են, թ է այս վատ վիճակ է: Շատերու համար այս գերազանց իրավիճակ է, բնական իրավիճակ: Քսանհինգ տարի ապրած ենք, քսանհինգ մը եւս կ՚ապրինք, բայց մարտահրաւէրը միշտ կայ։ Գուցէ մեր սերունդը այս ձեւով կ՚ապրի քսանհինգ տարի եւս, մենք կը մեռնինք, բայց հնարաւոր է, որ ռուսերը հեռանան, Ատրպէյճանը պատերազմ յայտարարէ, Թուրքիան միջամտէ եւ մենք ի՞նչ իրավիճակի մէջ կ՚ըլլանք։ Միշտ պէտք է յոռեգոյնը սպասես, որպէսզի կ՚անխատեսես: Անընդունելի է այսպէս հանգիստ նստիլ ու կարծել, որ ամէն ինչ բնական է:
Հայաստանը իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով յոյս չդնէ երրորդ երկրի մը վրայ, ըլլայ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ կամ այլ երկիր մը։ Ամենադժուարին պայմաններուն մէջ անգամ պէտք է փորձէ Թուրքիոյ հետ լեզու գտնել, հակառակ, որ հեշտ չէ այդ մէկը եւ փորձէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրկին բերել օրակարգի, եւ զայն օրակարգին մէջ պահելով յարաբերութիւններու հեռանկար ունենալ: Թուրքերը պէտք է առաջին քայլը կատարեն, բայց մենք եւս պէտք է աշխատինք այդ առիթը ստեղծելու եւ իրականութիւն դարձնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան