ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն՝ Կա­թո­լիկ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ խումբ մը հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Հիւր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու խում­բը կը գլխա­ւո­րէր Գեր­մա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիէն Հայր Նի­քո­լաուս Վիր­վոլ Վար­դա­պետ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էր Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Հիւ­րե­րը փա­փա­քած էին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թեան։ Ա­նոնք Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ու հա­մայն­քա­յին կեան­քին շուրջ։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ նկա­րա­հա­նուե­լէ վերջ գեր­մա­նա­ցի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016