ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻՆ «ՔՈՔԱ-ՔՈԼԱ»Ի ՇԻՇԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Քո­քա-Քո­լա հել­լէ­նիկ պաթ­լինկ քամփ­ը­նի Ար­մե­նիա»ի մի­ջեւ ստո­րագր­ուե­ցաւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, ըստ ո­րու՝ «Քո­քա-Քո­լա»ի շի­շե­րու վրայ պի­տի պատ­կե­րուին հայ­կա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին բարձր ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող յու­շար­ձան­ներ: «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագր­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ: «Այս թո­ղար­կու­մը կ՚ըլ­լայ «Քո­քա-Քո­լա»ի՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ 20-ամ­եայ գոր­ծու­նէու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ: Նման քայ­լով պի­տի հան­րահռ­չակ­ուի մեր պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը», նշեց Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ներ­սէս Տէր-Վար­դա­նեա­ն:

Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նա­կէն ներս տուեալ ար­տադ­րան­քի վա­ճառ­քէն ստաց­ուած գու­մա­րի ո­րո­շա­կի մա­սը «Քո­քա-Քո­լա»ն կը տրա­մադ­րէ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու պահ­պան­ման ու վե­րա­կանգ­ման ուղղ­ուած ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­մա­ն:

«Մենք ար­դէն քսան տա­րիէ ի վեր հայ­կա­կան շու­կա­յին մէջ ենք եւ մենք զմեզ հայ պատ­մու­թեան մաս կը հա­մա­րենք: Ծրա­գի­րը մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը կա­պէ դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն եւ մ­­շա­կոյթ ու­նե­ցող երկ­րին հետ: Ան կրնայ օգ­նել մեր գոր­ծու­նէու­թեա­ն եւ ն­­պաս­տել Հա­յաս­տա­նի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­մա­ն», ընդգ­ծեց «Քո­քա-Քո­լա հել­լէ­նիկ պաթ­լինկ քամփ­ը­նի Ար­մե­նիա»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Սա­յո­րա Ա­յու­փո­վա:

Միւս կողմէ, պայ­մա­նագ­րի ժամ­կէ­տը կա­խեալ է ար­տադ­րան­քի վա­ճառ­քէն եւ պա­հան­ջար­կէն:

«Քո­քա-Քո­լա»ն ն­ման կլո­պալ նա­խագ­ծեր վա­ղուց կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով տար­բեր եր­կիր­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հետ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016