ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿ

Սա­մա­թիոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ստեղ-ծըւե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը՝ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած մա­տա­ղօրհ­նու­թեան շրջագ­ծով։ Պատ­մա­կան թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ սար­քուած սի­րոյ սե­ղա­նը ար­ձա­նագ­րեց փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը։ 2016-2017 շրջա­նի մեկ­նար­կին ա­պա­հո­վուած այս ար­դիւն­քը ե­կաւ բարձ­րաց­նել բո­լո­րին բա­րո­յա­կա­նը՝ լա­ւա­տե­սու­թիւն ստեղ­ծե­լով հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տին տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէի բա­ցը հա­ւա­սա­րակշ­ռուե­ցաւ եւ ե­ղա­նա­կի տա­կա­ւին սկիզ­բին յու­սա­դիչ պայ­ման­ներ ձե­ւաւորուե­ցան՝ մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի կա­յուն պահ­պան­ման տե­սա­կէ­տէ։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց ե­րէ­կուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ալ ժա­մադ­րուած էին Սա­մա­թիոյ մէջ, ուր մեծ ե­ռու­զեռ մը ստեղ­ծուե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ։ Պա­տա­րա­գիչն էր թա­ղի ե­րէ­ցը՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Խա­չիկ Սա­րը­լը, Գէորգ Ներ­կիզ եւ Ա­լէն Ներ­կիզ սար­կա­ւագ­նե­րը, նաեւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն եւ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան՝ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ։ Բա­ցօ­թեայ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ո­րոնց միա­ցաւ նաեւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նե­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին՝ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, քա­ղա­քիս հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րէն տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Սա­մա­թիոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմբուած էին տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած սե­ղեն­նե­րուն շուրջ։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ՝ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ ու­սուց­չու­տի Ա­նի Տե­լի­մել­քո­նօղ­լուի։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան՝ Ե­սա­յի Տե­միր, Պա­րոն Նալ­պանտ, Յա­կոբ Տե­տեօղ­լու եւ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ։ Հարկ է նշել, որ սի­րոյ սե­ղա­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն բե­րուած նպաս­տին հա­մար՝ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին հա­մար պատ­րաս­տած էր յու­շա­նուէր մը, զոր յանձ­նեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ տոհ­միկ եր­գե­րու փունջ մը ներ­կա­յա­ցուց Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բը, Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ար­տա­սա­նե­ցին՝ Ռո­պին Հի­ճա­զօղ­լու, Տար­լին Թուղ, Լիա­նա Կե­զեր եւ Է­լի­զա­պեթ Տո­լաշ։

Հան­դի­սու­թիւ­նը վերջ գտաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի հուսկ բան­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Ար­ձա­կուե­լէ ա­ռաջ խումբ մը ներ­կա­ներ հա­մախմ­բուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ, ուր հա­կիրճ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, որ յայտ­նեց, թէ հա­մայն­քին կող­մէ հան­քա­նա­կուած մի­ջոց­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակն է՝ նոր սե­րուն­դին ջամ­բել մեր մայ­րե­նի լե­զու­ն։

                    ​  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016