ՈՒԽՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑ ԱՐՑԱԽ

Սեպ­տեմ­բեր 5, 2016 թուա­կա­նին, վաղ ա­ռա­ւօ­տեան Ս. Էջ­միած­նէն կ՚ու­ղե­ւո­րուինք Ար­ցախ աշ­խարհ, եր­կար տա­րի­նե­րու չի­րա­կա­նա­ցուած ե­րա­զը ա­ռա­ջին ան­գամ կեան­քի կո­չե­լով: Թէ ին­չո՞ւ այս­քան ու­շա­ցում դէ­պի Ար­ցախ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար այդ խոր­քին մէջ ինձ հա­մար յստակ չէ: Ե­րե­ւի Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը այս էր:

Ամ­բողջ ճա­նա­պար­հին Ս. Էջ­միած­նէն-Ա­րա­րատ, Ե­ղեգ­նա­ձո­րէն Սի­սիան ու Գո­րիս, թե­րեւս պատ­կե­րա­ցու­մը չու­նէի, թէ ի՞նչ կը սպա­սէր ինձ ու ու­ղե­կից իմ հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն: Կ՚ի­րա­կա­նաց­նէինք Վե­հա­փա­ռի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ Գե­րա­գոյն Հո­գե­ւոր Խոր­հուր­դի ժո­ղովր գու­մա­րել Ար­ցա­խի մէջ: Եւ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով ա­ւան­դու­թիւ­նը կը խախ­տէր Գե­րա­գոյ­նի ժո­ղո­վը գու­մա­րե­լու Ս. Էջ­միած­նէն դուրս:   

Ար­դէն մուտք կը գոր­ծենք Ար­ցախ աշ­խարհ: Ա­մէն ինչ կը փո­խուի եւ մեր տե­սա­դաշ­տին ու հո­գեմ­տա­ւոր մեր էու­թիւ­նը կը խո­րա­սու­զուի անց­նող քսա­նեւ­հինգ տա­րի­նե­րու յի­շո­ղու­թեանց շար­քե­րուն մէջ եւ այն­տե­ղէն դուրս կը սկսինք պե­ղել հա­զա­րու­մէկ պատ­կեր­ներ, Շու­շիի հե­րո­սա­մար­տը, հա­զար­նե­րով քա­ջա­մար­տիկ հայ զի­նուոր­նե­րու նա­հա­տա­կու­թիւ­նը եւ այն քաջ հա­մո­զու­մը, որ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ու­ղին պի­տի անց­նէր այն ճա­նա­պարհ­նե­րէն, ո­րոնք նուի­րա­կա­նա­ցած էին մեր հե­րոս­նե­րու ա­րեան գնով:

Չորս օ­րե­րու Ար­ցախ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­թաց­քը իմ հո­գու մէջ կը նե­րար­կէ ներ­քին այն­պի­սի ապ­րում­ներ, ո­րոնք դժուար թէ կա­րո­ղա­նամ բա­ռե­րու մէջ սեղ­մել, որ­պէս­զի ըն­թեր-ցո­ղը հա­ղորդ դարձ­նեմ այդ բո­լո­րին: Այս ըն­թաց­քին մեզ կը հիւ­րըն­կա­լեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա-բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահն ու Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դը: Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի ան­ձը իր ողջ էու­թեամբ մաք­րու­թիւն կը հա­ղոր­դէր: Զինք անձ­նա­պէս եւ մօ­տի­կէն ճանչ­ցած ըլ­լա­լով այս ան­գամ փոր­ձա­ռու­թիւնս այլ էր: Ա­կա­նա­տես կը դառ­նա­յինք այն ճշմար­տու­թեան, որ ինք կ՚ա­ռանձ­նա­նար բո­լո­րէն այն իւ­րո­վի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեամբ, որ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան սէրն ու հա­մակ­րան­քը կը վա­յե­լէր: Իր ա­ռօ­րեան ժո­ղո­վուր­դին հետ էր: Ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ կը քայ­լէր Ստե­փա­նա­կեր­տի մա­քուր փո­ղոց­նե­րով եւ ար­ժէր տես­նել ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­րու­մը իր նկատ­մամբ: Իր հեր­թին նոյն­պի­սի սէր ու յար­գանք կը վա­յե­լէր նաեւ Պար­գեւ Սրբա­զա­նը, ո­րուն էու­թիւ­նը ար­դէն նոյ­նա­ցած է Ար­ցա­խի հետ: Եր­բե­ւէ չէի տե­սած զինք այն­քան խան­դա­վառ ինչ­քան այս օ­րե­րուն:

Ե­րեք­շաբ­թի, 6 Սեպ­տեմ­բե­րին, մեր հեր­թա­կան ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, կ՚այ­ցե­լենք զի­նուո-րա­կան գլխա­ւոր զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կը: Հսկա­յա­կան դաշ­տին վրայ տա­րա­ծուած հա­զա­րէ ա­ւե­լի զի­նուոր­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս կ՚ա­լե­կո­ծէր ամ­բողջ էու­թիւնս: Բնա­կան է ու­րա­խու-թիւնս ան­սահ­ման էր: Բայց ներ­քին լուռ ցա­ւեր կը տա­ռա­պեց­նէին հո­գիս, երբ կը վեր­յի­շէի հե­ռա­ւոր ու մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի մեր նա­հա­տակ­նե­րու պա­տա­րա­գու­մը, ո­րոնց հո­գի­նե­րը ան­տա­րա­կոյս այս պա­հուն կը սա­ւառ­նին հա­յոց երկ­նա­կա­մա­րին վրայ: Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը իր պատ­գա­մը կը յղէ բո­լո­րին ու այ­նու­հե­տեւ մուտք կը գոր­ծենք ի­րենց շար­քե­րէն ներս: Չեմ հա­մար­ձա­կիր թուղ­թին յանձ­նել պատ­կեր­նե­րը, ո­րոնք ամ­րագ­րուե­ցան իմ հո­գու վրայ: Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, դէ­պի ինք­նա­շարժ վե­րա­դար­ձին զօ­րա­կա­յա­նի  պա­տին կը կար­դամ հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը. «Ե­թէ մենք կորց­նենք Ար­ցա­խը, կը շրջենք Հա­յոց Պատ­մու­թեան վեր­ջին է­ջը»: Այս պատ­գա­մը ինք­նին կը խօ­սի, թէ ինչ­պի­սի վճռո­րոշ պա­հի մը ա­ռաջ է կանգ­նած Հա­յոց Հայ­րե­նիքն ու մեր ազ­գը…:

Չո­րեք­շաբ­թի, 7 Սեպ­տեմ­բե­րին, մեր ժո­ղո­վա­կան կեան­քի ա­ւար­տին կ՚այ­ցե­լենք Գան­ձա­սա­րի վանք: Հրա­շա­գեղ բնու­թեան սրտին վրայ կանգ­նած վան­քը յի­րա­ւի կը խորհր­դան­շէր հա­յուն անն­կուն կամքն ու հա­ւատ­քի տա­րո­ղու­թիւ­նը: Ես ինձ հարց կու տամ, թէ ժա­մա­նակ­նե­րու ըն­թաց­քին, մերթ ընդ մերթ ինչ­պէս է զրկուած հա­յը իր ա­ղօթ­քը կա­տա­րե­լու Գան­ձա­սա­րի խնկա­բոյր այս կա­մար­նե­րու ներ­քոյ: Այս զգա­ցու­մը կ՚ու­նե­նա­յի, որ ուխ­տա­ւոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան կը շնչէր Գան­ձա­սա­րը ու ա­նոր սրբա­տաշ եւ միւ­ռո­նա­բոյր պա­տե­րուն մէ­ջէն կը լսուէին ա­ղօթ­քը մեր հայ­րե­րուն:  Գան­ձա­սար մեր ուխ­տի այ­ցե­լու­թեան մե­զի կը միա­նան նաեւ շրջա­նի հա­ւա­տաա­ցեալ­նե­րը մե­ծով ու փոք­րով: Փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց քաղց­րա­հունչ եր­գե­րով ա­ղօթ­քի հրա­ւէր ու կոչ կը դառ­նա­յին մե­զի հա­մար: Մե­զի կը միա­նան նաեւ ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րը, ո­րոնք մէկ առ մէկ մո­մեր կը վա­ռէին, ո­րոնց լոյ­սին մէջ ես կը կար­դա­յի ի­րենց կա­րօ­տը օ­ճա­խին հան­դէպ ու ուխ­տը Հայ­րե­նի­քի ծա­ռա­յու­թեան:

Հինգ­շաբ­թի, 8 Սեպ­տեմ­բե­րին, մեր ժո­ղո­վը կ՚եզ­րա­փա­կենք Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ վանք այ­ցե­լու­թեամբ ու Նա­խա­գա­հի կող­մէ տրուած ող­ջեր­թի ընթ­րի­քով: Շու­շիի մէջ Վե­հա­փա­ռի գլխա­ւո­րու­թեամբ կը կա­տա­րենք մաղ­թանք Հան­րա­պե­տա­կան: Նա­խա­գահ եւ ժո­ղո­վուրդ հա­մախմ­բուած Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թի տակ հա­ւատ­քի սրբու­թիւ­նը կը վերց­նէին ի­րենց հո­գի­նե­րուն մէջ: Մո­մե­րու լոյ­սին տակ հո­գի­նե­րէն ար­տա­բե­րուած ա­ղօթք­նե­րը կ՚ամ­րապն­դէին բո­լորս: Ի՞նչ էր որ կը կա­տա­րուէր այն­տեղ: Աս­տու­ծոյ աչ­քի տակ ժո­ղո­վուր­դի մը զա­ւակ­նե­րուն ի­րա­կան կեան­քի պատ­կերն էր այդ, որ ա­մէն վայր­կեան ահ ու սար­սա­փի մէջ կ՚ու­զէր ա­պա­հո­վել իր երկ­րի ան­դոր­րը, ապ­րե­լու հա­մար ա­զատ:

Նոյն օ­րը, ցե­րե­կին, Վե­հա­փա­ռի գլխա­ւո­րու­թեամբ կ՚այ­ցե­լենք սահ­մա­նագ­ծին ծա­ռա­յող զի­նուոր­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց քա­ջա­րի կե­ցուած­քով կ՚ա­պա­հո­վէին ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի խա­ղա-ղու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը:  Մի քա­նի ժա­մե­րու տե­ւո­ղու­թեամբ կը ծա­նօ­թա­նանք մեր հրաշք ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, ո­րոնց­մէ ա­մէն մէ­կուն կեան­քը ա­ղօթք է մե­զի հա­մար: Պա­տա­հա-բար իմ ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րուն  կա­ցա­րան­նե­րէն մէ­կու ճա­կա­տին գրուած հե­տե­ւեալ ա­ղօթ­քը. «Իմ հո­գին ու­նի զոյգ յե­նա­րան. Աս­տուած եւ Հայ­րե­նիք»: Յու­զումս կը զսպեմ, բայց ի զուր կ՚անց­նին փոր­ձերս: Հո­գիս կ՚ապ­րի իր նոր ծնուն­դը: Ո՞վ է այն հայ քրիս­տո­նեան, հայ հո­գե­ւո­րա­կանն ու մտա­ւո­րա­կա­նը եւ իւ­րա­քան­չիւրս անխ­տիր, որ կրնայ ան­տար­բեր մնալ այն պատ­կե­րին առ­ջեւ, երբ ջա­հել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց կեան­քը վտան­գի են են­թար­կած Աս­տու­ծոյ սի­րով եւ յա­նուն Հայ­րե­նի­քի:  Բո­լո­րիս հա­մար զգաս­տաց­նող էր հան­դի­պու­մը սահ­մա­նագ­ծին ծա­ռա­յող ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րուն հետ: Մենք քաջ պի­տի գի­տակ­ցինք, որ մեր ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րը ի­րենց կեան­քի գնով ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու-ցեն: Ի՞նչ կը մնայ մե­զի ե­թէ ոչ ծա­ռա­յել հայ զի­նուո­րին ու հա­ւա­տալ ա­նոր Մեծ ե­րա­զին՝ վա­ղուան Հայ­րե­նի­քին:

Վար­դա­նանք եւ Ղե­ւոնդ ե­րէց­ներ կ՚ապ­րին նաեւ մեր օ­րե­րուն: Ե­թէ խա­ղաղ ու ա­պա­հով է մեր Հայ­րե­նի­քը, ա­պա այդ կը պար­տինք հայ զի­նուո­րին: Ես կը խո­նար­հիմ հայ զի­նուո­րի ծա­ռա­յու­թեան առ­ջեւ եւ փառք կու տամ Աս­տու­ծոյ, որ մեր կեան­քը կ՚օրհ­նէ Աս­տու­ծոյ սի­րովն ու հա­ւատ­քը գործ­նա­պէս ապ­րող հայ զի­նուո­րին կեան­քով:

Ար­ցախ իմ ա­ռա­ջին ուխ­տի այ­ցե­լու­թեամբ, բա­զում յոյ­զե­րով լե­ցուն է հո­գիս: Պար­բե­րա-բար թուղ­թին պի­տի յանձ­նեմ յու­շեր, ո­րոնք իմ հո­գու պատ­կե­րին ու նե­րաշ­խար­հին ե­րազն են այ­սու­հե­տեւ: Հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նին հա­մար այ­սօ­րի­նակ փոր­ձա­ռու­թիւն մը զգաս­տու­թեան հրա­ւի­րող հո­գե­ւոր ու­ժա­կա­նու­թիւն մը ու­նի իր մէջ, որ­պէս­զի լիար­ժէք կեր­պով մեր մէջ կրողն ըլ­լանք Աս­տու­ծոյ սի­րոյն եւ մեր կեան­քը նուի­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դին: Հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նին կեան­քը կ՚ար­ժե­ւո­րուի, երբ իւ­րա­քան­չիւրս գէթ մէկ զի­նուո­րի պա­տա­րա­գեալ կեան­քի հա­մա-հունչ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցենք:

Այ­սօր, ա­ւե­լիով կը զգամ, թէ մեր մե­ծե­րը, ո­րոնց շար­քին են Խրի­մեան­ներ, Սու­րե­նեանց­ներ, Յով­սէ­փեանց­ներ. Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կոս, ինչ­պի­սի խոր հա­ւատ­քով ու տե­սիլ­քով ապ­րե­ցան Աս­տուա­ծա­տուր ի­րենց կեան­քը: Մինչ այ­սօր կը խօ­սին ա­նոնք մե­զի, պատ­մու­թեան ձայնն ու պատ­գամն են ա­նոնք այ­սօր եւ յա­ւի­տեան: Այն­քան ժա­մա­նակ ան­հա­ղորդ կը մնանք ի­րենց հո­գիէն բխած պատ­գամ­նե­րուն, ա­պա այն­քան ա­տեն կը մնանք հո­գիով աղ­քատ ու բո­պիկ:

Ժա­մա­նա­կի հրա­մա­յա­կանն է, որ ա­մէն հայ իր տան սե­մին ար­ձա­նագ­րէ սա խօս­քը, ո­րով­հե­տեւ ար­տաշ­խար­հի մէջ հայ օ­ճախն ալ սահ­մա­նա­գիծն է ու­րիշ ի­մաս­տով. «Իմ հո­գին ու­նի զոյգ յե­նա­րան. Աս­տուած եւ Հայ­րե­նիք»:

 ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ

                                                                                     

10 Սեպ­տեմ­բեր 2016

Լոս Ան­ճե­լըս վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016