ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ 19-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին թիրախը դարձաւ Սեւակ Խաչատրեան (1997)։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, 19-ամեայ զինուորի նահատակման դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու նպատակով ձեռնարկուեցաւ քննութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առթիւ իր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակեալ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակից ընկերներուն։
Միւս կողմէ, այս դէպքին կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ Կասպրչիկ մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ հայ զինուորի մահուան շուրջ։