ԳՈՐԾԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յէն ներս այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նի մը պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած է Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ա­ռըն­թեր Գի­տու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէի ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով հան­դէս կու գան «Հո­վեր» սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Ս. Յով­հան­նի­սեան), Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Ռ. Մլքէեան), Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Յ. Թո­փի­կեան) եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բը (գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու խմբա­վար Յ. Չե­քի­ճեան)։ Որ­պէս մե­նա­կա­տար ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նան նաեւ՝ Ա­նա­հիտ Պա­պա­յեան (սոփ­րա­նօ), Յաս­միկ Թո­րո­սեան (սոփ­րա­նօ) եւ Ի­րի­նա Զա­քեան (սոփ­րա­նօ)։

«Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Ան վա­ղը պի­տի սկսի Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռէն ներս, իսկ յա­ջոր­դե­լիք եր­կու օ­րե­րուն պի­տի շա­րու­նա­կուի քա­ղա­քէն դուրս՝ Հաղ­բա­տի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ։

Պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծե­ցին, թէ այս գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նը հիա­նա­լի ա­ռիթ մըն է անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար Կո­մի­տա­սին, ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Կո­մի­տա­սի եւ ա­նոր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու գոր­ծե­րը։ Միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տու­թեան ձօ­նուած զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս պի­տի գան ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ-մաս­նա­գէտ­ներ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Գեր­մա­նիա­յէն եւ այլն։

Գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի շուրջ եր­կու շա­բաթ ու պի­տի եզ­րա­փա­կուի Հոկ­տեմ­բե­րի 8-ին «Կո­մի­տաս» թան­գա­րան-կա­ճա­ռին մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016