Ֆրանսա 2020 ԹՈՒԱԿԱՆէն Սկսեալ Պիտի Արգիլէ Կերպընկալէ Պնակեղէնը
Ֆրանսայի իշխանութիւնները որդեգրած են օրէնք մը, որ կ՚արգիլէ 2020 թուականէն սկսեալ կերպընկալէ մէկ անգամ օգտագործուող պնակեղէնի վաճառքը: Մինչ այդ արտադրողները պէտք է ձերբազատուին բոլոր գոյութիւն ունեցող կերպընկալէ ամբողջ արտադրանքներէն: Հետագային անոնք պիտի կարենան այդպիսի ապրանքներ արտադրել միայն կենսատարրալուծուող նիւթերէ:
«Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս օրէնքը որդեգրուած է բնապահպանութեան նկատառումներով, ինչպէս նաեւ կերպընկալէ թափօններու վերամշակման համար ելեկտրականութեան ծախսերու կրճատման նպատակով:
Բաց աստի, 2017 թուականէն սկսեալ Ֆրանսայի մէջ խանութները յաճախորդներուն պիտի տան միայն թուղթէ տոպրակներ եւ թելերով աշխատցուած պայուսակներ:
Ֆրանսայի Բնապահպանութեան նախարար Սեկոլէն Ռուայալ քննադատած է օրէնքը՝ նշելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը պիտի հարուածէ նախ եւ առաջ քիչ ապահովուած ընտանիքները, որոնք յաճախ կ՚օգտուին մէկ անգամ օգտագործուող պնակեղէններէն: