ՊՈՐԻՍ ՃԱՆՍԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։ Ճանսըն հետեւեցաւ նաեւ միջազգային համախոհութեան զօրքերուն կողմէ կրթուած սուրիացիներուն ներկայացումը։
Պորիս Ճանսընի ուղեւորութեան ծրագիրը այսօր կը շարունակուի մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը կ՚այցելէ նաեւ Ազգային մեծ ժողով, ուր տեղւոյն վրայ կը տեսնէ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձի ընթացքին յառաջացած վնասները։