ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր համալսարաններէն մէկուն մէջ։ Այսպէս, Եդուարդ Նալպանտեան Հիւսթընի մէջ այցելեց Ռայսի համալսարանի «Ճէյմս Պէյքըր» հանրային քաղաքականութեան կաճառը, ուր ծաւալուն դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Հարաւային Կովկասի մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Կը հաղորդուի, որ հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան հեղինակաւոր վերլուծաբաններ ու գիտնականներ, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, Հիւսթընի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ղեկավարներ եւ այլք։
Հաւաքոյթը վարեց ամերիկահայ ականաւոր դիւանագէտ դեսպան Եդուարդ Ճերեճեան, որ հիւրընկալ կաճառի հիմնադիր-տնօրէնն է։
Իր խօսքին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց անկախութեան քսանհինգ տարիներու ընթացքին Հայաստանի անցած ուղին, Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարածքաշրջանի խնդիրներու եւ անոր լուծման ուղիներուն վերաբերեալ հայկական կողմի մօտեցումները։ Այս ամբողջին մէջ ան հանգամանալից ձեւով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին։ Նալպանտեան ներկայացուց Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ Ատրպէյճանի ապակառուցողական փորձերը՝ զերծ մնալու այդ հանդիպումները կեանքի կոչելէ։
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի նախաձեռնող դերակատարութեան շուրջ՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման ուղղութեամբ։ Ան կանգ առաւ նաեւ զանազան միջազգային կառոյցներէ ներս Հայաստանի ներգրաւուածութեան, զանազան երկիրներու մէջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան ու շարք մը միջազգային կազմակերպութիւներու հետ հայկական կողմի համագործակցութեան վրայ։ Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքներուն, գաղթականաց հոսքերուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին։
Դասախօսութեան աւարտին Եդուարդ Նալպանտեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն։