ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը երէկ սկսաւ Երեւանի մէջ։ Ձեռնարկի պաշտօնական բացման առթիւ Օփերայի համալիրի «Արամ Խաչատուրեան» դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Փառաշուք երեկոյթի ընթացքին մեկնաբանուեցաւ Մեծ Վարդապետի ստեղծագործութիւնները, ինչ որ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ։ Դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուն էր։
Զանազան խումբերու շարքին, այս փառաշուք երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի մականին ներքեւ։
Գիտաժողով-փառատօնին ծրագիրը պիտի շարունակուի շուրջ երկու շաբաթ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024